Երեւանի մէջ վերջ գտաւ երէց պատանիներու (15-16 տարեկան) աշխարհի բռնցքամարտի ախոյեանութիւնը:
Վերջին օրուան մրցումներէն ետք, ոսկի մետալներ շահեցան Տիգրան Յովսէփեան (50 քկ), Արգիշտի Յակոբեան (66 քկ) եւ Ալպերթ Յարութիւնեան (75 քկ): Նախապէս Վաղարշակ Քէյեան (48 քկ) շահած էր ոսկի մետալ մը:
Տիգրան Յովսէփեան 5-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց պուլկար Եանքով Տիմիթրովը` 50 քկ կշիռի մրցումներուն:
66 քկ կշիռի մրցումներուն Արգիշտի Յակոբեան 5-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց պիելոռուս մարզիկ Իվան Սինիսքը:
75 քկ կշիռի մրցումներուն, Ալպերթ Յարութիւնեան 5-0 արդիւնքով յաղթեց հնդիկ Սահիլ Սահիլի:
Ստորեւ` մետալներու վերջնական դասաւորումը.


