Երկուշաբթի երեկոյ Հազմիէի Չեմփսի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները շատ հանգիստ` 52-37 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեցին Չեմփսի դէմ, Լիբանանի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի բացման մրցումին:
Եաշա Զէյնուն 12 կէտ, 8 ռիպաունտ եւ 3 էսիսթ ձեռք ձգեց, մինչ Փերլա Նասր տապըլ տապըլ իրագործեց 11 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգելով: Փաթիլ Ասատուրեան 8 կէտ, 3 ռիպաունտ, 3 էսիսթ, 4 սթիլ կատարեց, մինչ Տիմա Շահին 9 կէտ եւ 5 ռիպաունտ աւելցուց ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի:
ՀՄԸՄ-ի աղջիկները հաստատեցին իրենց ներկայութիւնը 3-րդ դիրքին վրայ, մինչ Չեմփս 4-րդ դիրքը մնաց:
Երկուշաբթի, 11 դեկտեմբերին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները պիտի հիւրընկալեն Ռիատիի աղջիկները, որոնք Պէյրութի նման իրենց 4 մրցումները յաղթած են եւ կը գրաւեն առաջին երկու դիրքերը:


