Երէկ Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ-ի տղաքը 81-77 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեցին Մէյրուպայի դէմ:
Մրցումը, որ տեղի ունեցաւ Ճիւնիի Քլիսպ Սանթրալի դաշտին վրայ, սկսաւ ի նպաստ Մէյրուպայի, ուր ՀՄԸՄ քանի մը անգամ հասաւ եւ կէտով մըն ալ անցաւ, սակայն Մէյրուպա յաջողեցաւ 23-18 արդիւնքով յաղթական դուրս գալ առաջին մասէն, որուն ընթացքին Տուէյն Ճեքսըն 7 կէտ նշանակած էր, մինչ Ժերար Հատիտեան` 4 կէտ:
Երկրորդ մասին ՀՄԸՄ յաջողեցաւ 22 կէտ նշանակել` միեւնոյն ժամանակ արգիլելով, որ մրցակիցը 14-էն աւելի կէտեր նշանակէ: Կերի Չիւիչեան 10 կէտ նշանակեց այս մասին: Կիսախաղին, Ճեքսըն (12 կէտ), Կերի (10 կէտ) եւ Թանիոս Աքիքի (6 կէտ) նշանակած էին առաւելագոյն կէտերը, եւ ՀՄԸՄ կը յառաջանար 37-40 արդիւնքով:
3-րդ մասին ՀՄԸՄ-ի տղաքը շատ աւելի լաւ էին եւ կրցան զսպել մրցակիցը, որ 11 կէտ կրցաւ նշանակել: ՀՄԸՄ 21 կէտ նշանակեց, Ճեքսըն (8), Ուոլթըր (5) եւ Կերի (4) եղան ամէնէն արդիւնաւէտները: 4-րդ մասը հազիւ սկսած, ՀՄԸՄ 8 յաջորդական կէտեր նշանակեց շնորհիւ Ժերարի (5) Ճեքսընի (3), եւ անմիջապէս թայմ-աութ յայտարարուեցաւ ի նպաստ Մէյրուպայի: 21 կէտով ետ մնացած խումբը ամբողջովին փոխեց իր խաղաոճը եւ բաւական նեղի բերաւ ՀՄԸՄ-ը, որ հակառակ 20 կէտ նշանակելուն 29 կէտեր ստացաւ, բայց մրցումը վերջ գտաւ 4 կէտի առաւելութեամբ, 77-81 արդիւնքով, ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի:
Մեր տղաքը ճիշդ է, որ Մէյրուպայի դէմ խաղցան, եւ Մէյրուպա 1 մրցում յաղթած է, պէտք է ընդունիլ սակայն, որ անիկա այնքան ալ դիւրին խումբ մը չէ, բայց մենք մեր իսկական մակարդակով չկրցանք խաղալ մրցումի բոլոր մասերուն: Ժերար եւ Տուէյն առաջին կիսախաղին արդէն 5-ական ֆաուլեր կատարած հաւանաբար զգուշ կը խաղային, բայց տղաք կան, որոնց մակարդակը վերջին մրցումներուն այնքան լաւ չէ: Ճիմի Սալեմ եւ Ժատ Խալիլ տարեշրջանի սկիզբը աւելի լաւ էին, քան վերջին մրցումներուն, մինչ Կապրիէլ Աճեմեան եւ Կերի Չիւիչեան մրցումէ մրցում աւելի լաւ արդիւնք կը ցուցաբերեն: Պէտք է ըսել նաեւ, որ ՀՄԸՄ-ի կազմին հետ չէ այլեւս Ռաֆայէլ Փութնի, որ լաւ մակարդակ չունենալուն պատճառով խզուեցաւ իր հետ պայմանագրութիւնը:
Յոյսով, որ մեր տղաքը չորեքշաբթի օր (եթէ չփոխուի թուականը) մեր դաշտին վրայ երթի վերջին մրցումին Էն. Էս. Էյ.-ի դէմ, համակիրներու օգնութեամբ բոլորն ալ լաւ ելոյթ կ՛ունենան: Երբեմն մենք մեր խումբը կը համեմատենք Ռիատիի կամ Սաժեսի նման խումբերու, սակայն պէտք է խոստովանինք, որ մեր երիտասարդ խումբը տակաւին միայն 8 մրցում կատարած է իրարու հետ, եւ անոր անդամները լաւապէս շաղուած չեն: Ժամանակի ընթացքին բոլորն ալ կայուն կ՛ըլլան, եւ հետզհետէ զգալի կ՛ըլլայ ՀՄԸՄ-ի իսկական մակարդակը:


