Երէկ տեղի ունեցաւ Ուասլ մրցաշարքին գծով Ահլի – Սաժես մրցումը` Սուրիոյ Հալէպ քաղաքի մէջ:
13 հազար համակիրներու ներկայութեան Փիեռ Ճեքսըն նշանակեց 24 կէտ, 6 ռիպաունտ եւ 3 էսիսթ կատարեց, մինչ Քարիմ Իզզէտին 13 կէտ եւ 5 ռիպաունտ աւելցուց ի նպաստ լիբանանեան ակումբին, որ Հալէպի Ահլիին յաղթելով (81-72) տարաւ իր յաջորդական 2-րդ յաղթանակը` առաջին մրցումին պարտուելէ ետք Իրանի Կորկանի դէմ մրցումին:
Ռատուան Սլիման եւ Ահմետ Իպրահիմ 11-ական կէտ նշանակեցին, ինչպէս նաեւ Պասել Հարֆուշ պահեստի աթոռներէն իջնելով իր կարգին 11 կէտ նշանակեց: