Տոհայի մէջ (Քաթար) վերջ գտան ծանրաբարձութեան կրան փրիի մրցումները: 109 քկ կշիռի մրցումներուն, Վարազդատ Լալայեան երկամարտի 441 արդիւնքով դարձաւ կրան փրիի ախոյեան:
Հայաստանի այլ ներկայացուցիչ Սիմոն Մարտիրոսեան 430 քկ արդիւնք բերելով 2-րդ դիրքը գրաւեց:
Աւելի առաջ, 87 կշիռի մրցումներուն Հռիփսիմէ Խուրշուտեան ոսկի մետալ ձեռք ձգեց, մինչ Տաթեւ Յակոբեան պրոնզ մետալ շահած էր:
Եւրոպայի ախոյեան Դաւիթ Յովհաննիսեան երկամարտի 370 քկ արդիւնքով դարձած էր կրան փրիի արծաթ մետալակիր: 96 քկ կշիռի արաշէի մրցումներուն 170 քկ կրցած էր բարձրացնել, մինչ էփոլէ-ժըթէ մրցումներուն 200 քմ կրցած էր բարձրացնել:
Հայաստանի միւս ներկայացուցիչներ Գարիկ Կարապետեան եւ Ալեքսանտրա Գրիգորեան դարձած էին պրոնզէ մետալակիր:
102 քկ կշիռի մրցումներուն, Կարապետեան երկամարտին 391 քկ արդիւնքով ձեռք ձգած էր եւ գրաւած 3-րդ դիրքը: Արաշէի մրցումին, Եւրոպայի ախոյեանը փոքր ոսկի մետալ շահած էր 180 քկ բարձրացնելով, բայց էփոլէ ժըթէի մրցումին 211 քկ արդիւնքով գրաւած էր 5-րդ դիրքը: