Երկուշաբթի գիշեր Թուրքիոյ առաջին դասակարգի մէջ Անգարակուչու – Ռիզեսփոր ֆութպոլի մրցումի մը ընթացքին, երբ Ռիզեսփոր 97-րդ վայրկեանին հաւասարութեան կոլ մը նշանակեց, Անգարակուչու խումբին նախագահը հազիւ մրցումը աւարտած դաշտ խուժեց եւ բռունցքով հարուածեց կեդրոնի իրաւարարին, որ հազիւ գետին ինկած ոտքի հարուածներու ալ ենթարկուեցաւ այլ յարձակողներու կողմէ:
Երէկ Ֆարուք Քոչա (նախագահը) ձերբակալուեցաւ 2 այլ անձերու հետ, երբ ոստիկանութիւնը հարցաքննութիւններէ ետք Քոչան գտաւ յանցաւոր, մանաւանդ որ ըստ իրաւարար Հալիլ Ումութ Մելերի, ան սպառնացած էր սպաննել 3 իրաւարարներն ալ:
ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինօ ըսաւ, որ համակիրներուն դաշտ խուժելը, ինչպէս նաեւ իրաւարարներուն վրայ այս յարձակումը ամօթալի երեւոյթներ են, թէ՛ մարզական եւ թէ՛ ընդհանրապէս մարդկութեան հասարակութեան խաւերուն մէջ: Անընդունելի բան մըն է եղածը:
Առանց իրաւարարներու ֆութպոլ չի կրնար ըլլալ», ըսաւ Ինֆանթինօ:
2017-էն ի վեր ՖԻՖԱ-ի իրաւարար Մելեր 37 տարեկան է եւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի գծով Լացիօ Ռոմա – Սելթիք մրցումի իրաւարարն էր 28 նոյեմբերին:
Թուրքիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը որոշեց երկրի բոլոր ախոյեանութիւնները առկախել, մինչեւ ընդհանուր համաձայնութեան մը գոյացումը:


