ՖԻՖԱ-ն յայտարարեց, թէ 2023 տարուան լաւագոյն մարզիկներու ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 15 յունուար 2024-ին, Լոնտոնի մէջ:
Տղոց ֆութպոլի 3 թեկնածուներն են` Լիոնէլ Մեսսի, Քիլիան Էմպափէ եւ Էրլինկ Հաալանտ, ըստ ՖԻՖԱ-ի յայտարարութեան:
Նորվեկիացի Հաալանտ Մանչեսթըր Սիթիին օգնեց 3 տիտղոսներ շահելու` «Չեմփիընզ լիկ»-ը, Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ը եւ բաժակի մրցաշարքը, անցեալ եղանակին: Մեսսի 2022-ին ընտրուած էր լաւագոյն մարզիկը` շահելէ ետք մոնտիալը Արժանթինի հետ: Այդ տիտղոսէն ետք, «Լիկ 1»-ի ախոյեանութիւնը շահեցաւ Ֆրանսայի մէջ Էմպափէի հետ միասին, ապա միացաւ Ինթեր Մայեմիի` մասնակցելով Միացեալ Նահանգներու ախոյեանութեան («Էմ. Էլ. Էս.»):
Աղջիկ լաւագոյն մարզիկներու թեկնածուներն են` 2023-ի մոնտիալը շահած սպանացիներ Այթանա Պոնմաթի եւ Ճենիֆըր Հերմոսօ, ինչպէս նաեւ քոլոմպիացի Լինտա Քայսետօ: