Պարսելոնա ակումբի մարզիչ Չաւի, որուն խումբը շատ լաւ օրերու մէջ չի թուիր ըլլալ, Սպանիոյ ախոյեանութեան գծով վերջին 4 մրցումներէն միայն 1-ը յաղթանակով աւարտած է` պարտուելով Ժիրոնայէն եւ հաւասարելով Ռայօ Վայեքանոյի եւ Վալենսիայի հետ:
Շաբաթ վիշեր Վալենսիայի դաշտին վրայ Ժոաու Ֆելիքս նշանակեց կոլ մը, բայց Վալենսիա շնորհիւ Կիյամոնի հաւասարեցաւ:
Վերջերս, երբ Չաւիի հարցուեցաւ, թէ արդեօք Պարսելոնայի տնօրէնութիւնը կրնա՞յ զինք գործէ արձակել, Չաւի պատասխանեց. «Ամիս մը առաջ կը խօսէիք, թէ պէտք է ըլլամ Մանչեսթըր Եունայթըտի նախկին մարզիչ Ալեքս Ֆերկըսընի նման երկար ժամանակի վրայ` այս աթոռին… հիմա այս հարցո՞ւմը»: Նշենք, որ Ֆերկըսըն 1986-էն 2013 մարզած էր Մանչեսթըր Եունայթըտը` յաղթելով «Փրեմիեր լիկ»-ին (13 անգամ) Անգլիոյ բաժակին (5 անգամ) եւ «Չեմփիընզ լիկ»-ին (2 անգամ):