Անցնող շաբաթավերջին, Էմիլ Լահուտի անուան մարզական համալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) տեղի ունեցաւ Լիբանանի թայքուանտոյի ֆետերասիոնի կազմակերպած դեղին գօտիներու ախոյեանութիւնը:
ՀՄԸՄ Պէյրութ, որ 8 մարզիկներով մասնակցած էր, կրցաւ շահիլ 3 ոսկի, 2 արծաթ եւ 2 պրոնզ մետալներ:
Յիշեցնենք նաեւ, որ 26 նոյեմբերին նոյն մարզական համալիրին մէջ կապոյտ գօտիներու ախոյեանութեան, 10 մարզիկներով մասնակցող ՀՄԸՄ Պէյրութ 3 ոսկի, 1 արծաթ եւ 4 պրոնզ մետալներ շահած էր:



