Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Անթեթոքումփօ 64 Կէտ Նշանակեց

December 15, 2023
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էն. Պի. Էյ.» մրցումները շարունակուեցան, երէկ, եւ Միլուոքի Պաքսի յոյն աստղ Եաննիս Անթեթոքումփօ 64 կէտ նշանակելով իր ասպարէզին առաւելագոյն կէտերը նշանակեց մէկ մրցումի ընթացքին: Նախապէս Միլուոքիի հետ ամէնէն շատ կէտեր նշանակողը եղած էր Մայքըլ Ռետ 2006-ին` 57 կէտ:

Միլուոքի, որ կը մրցէր «Էն սիզըն»-ի փոխախոյեան Ինտիանա Փէյսըրզի դէմ, կրցաւ 140-126 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրել:

Անցեալ հինգշաբթի, Ինտիանա դուրս ձգած էր Միլուոքին «Էն. սիզըն»-ի կիսաւարտականին (128-119), բայց երէկ չկրցաւ դիմանալ «Կրիք Ֆրիք»-ի (Եաննիսի ծածկանունը) եւ ընկերներուն դիմաց:

Անթեթոքումփօ մրցումի աւարտէն 10 վայրկեան մնացած կոշտ ֆաուլի ենթարկուեցաւ Աարոն Նեսմիթէն, ինչ որ կարճ վէճի մը վերածուեցաւ: Նեսմիթ եւ Պոպի Փորթիս (Միլուոքի) թեքնիքը ֆաուլի ենթարկուեցան, քիչ ետք 2-րդ թեքնիքըլը արձանագրեցին եւ վտարուեցան:

Տեմիըն Լիլըրտ 21 կէտ աւելցուց ի նպաստ Պաքսի, եւ 3-րդ մասին, երբ 8 վայրկեան մնացած 3 կէտնոց կողով մը նշանակեց, իր ասպարէզի 3 կէտերուն հաշիւը հասաւ 2.45-ի` գերազանցելով Քայլ Քորվըրի` գրաւելով «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան 5-րդ դիրքը (3 կէտնոց կողովներու հաշիւ): Թայրիս Հելիպըրզն եւ Մայլզ Թըրնըր 22 կէտեր նշանակեց ի նպաստ Ինտիանայի:

Անթեթոքումփօ իր 64 կէտերուն կողքին ձեռք ձգեց նաեւ 14 ռիպաունտ: Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 122-119 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սան Անթոնիօ Սփըրզը: Անթոնի Տէյվիս 37 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Լէյքըրզի, մինչ Սփըրզի լաւագոյն մարզիկն էր 19 տարեկան Վիքթոր Ուիմպանեամա` 30 կէտ եւ 13 ռիպաունտով:

Ճերըն Ճեքսըն 44 կէտ նշանակեց ի նպաստ Մեմֆիս Կրիզլիզի, բայց իր խումբը 104-117 արդիւնքով տեղի տուաւ Հիւսթըն Ռոքեթցի առջեւ, որուն մարզիկներէն Թարի Իսըն 25 կէտ եւ 14 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:

Տեվըն Պուքըր 34 կէտ եւ 12 էսիսթ կատարեց, բայց իր խումբը` Ֆէօնիքս Սանզ, 4 կէտով պարտուեցաւ Պրուքլին Նեթցէն: Սփենսըր Տինուիտի 16 կէտ 8 ռիպաունտ եւ 7 էսիսթ կատարեց ի նպաստ Նեթցի:

Ստորեւ երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Եութա Ճեզ – Նիւ Եորք Նիքս 117-113
Հիւսթըն Ռոքեթց – Մեմֆիս Կրիզլիզ 117-104
Ֆէօնիքս Սանզ – Պրուքլին Նեթց 112-116
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 122-142
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 111-129
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Աթլանթա Հոքս 135-128
Մայեմի Հիթ – Չարլոթ Հորնեթց 115-104
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 119-122
Միլուոքի Պաքս – Ինտիանա Փէյսըրզ 140-126

 

Նախորդը

Թենիս. Քիրկիկոս Կը Մտածէ Լքել Թենիսը

Յաջորդը

Ծանրաբարձութիւն. Լալայեան Ոսկի, Իսկ Սիմոնեան` Արծաթ Մետալակիր

RelatedPosts

ՀՄԸՄ Պէյրութ` Դ. Դասակարգի Ախոյեան
Մարզական

ՀՄԸՄ Պէյրութ` Դ. Դասակարգի Ախոյեան

October 5, 2026
Ասիական Խաղեր.  Շայէպ Պրոնզ Մետալ Շահեցաւ
Մարզական

Ասիական Խաղեր. Շայէպ Պրոնզ Մետալ Շահեցաւ

October 5, 2026
Սամպօ.  Հայաստան Լաւ Ձեւով Սկսաւ Աշխարհի Ախոյեանութիւնը
Մարզական

Սամպօ. Հայաստան Լաւ Ձեւով Սկսաւ Աշխարհի Ախոյեանութիւնը

October 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.