Չորեքշաբթի գիշեր Տորթմունտի դաշտին վրայ, Ֆրանսայի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի համակիրները բաւական պրկումներ անցուցին, երբ իրենց խումբը շատ առիթներ կորսնցնելէ ետք կոլ մըն ալ ստացան շնորհիւ Քարիմ Ատեյեմիի: Մինչ այդ, Նիւ Քեսըլ իր դաշտին վրայ կոլ մը նշանակած էր շնորհիւ Ճոելինթընի` Ա. Սէ. Միլանի դէմ մրցումին: Այս առիթով Փարիզ դուրս կը մնար «Չեմփիընզ լիկ»-էն: 5 վայրկեան ետք Ուորըն Զետ-Էմիրի նշանակեց Փարիզի հաւասարութեան կոլը, սակայն, Փարիզ պէտք էր կոլ մը եւս նշանակէր, որովհետեւ Նիւքեսըլ կը յաղթէր: Քանի մը վայրկեան ետք, ամերիկացի Քրիսթիան Փուլիսիչ 59-րդ վայրկեանին նշանակեց Ա. Սէ. Միլանի հաւասարութեան կոլը` Նիւքեսըլի դաշտին վրայ: Մրցումները շարունակուեցան, մէկ կազմէ բաց մրցում` Տորթմունտի եւ Փարիզի միջեւ, եւ արագ առիթներ, միւս կողմէ` Նիւքեսըլ կը ճնշէ, բայց Միլան, որ առաջին կիսախաղին միայն 1 յարձակում կատարած` աւելի լաւ կը խաղար Բ. կիսախաղին: Միլան 84-րդ վայրկեանին կրցաւ անակնկալի բերել եւ կոլ մը նշանակել Սամուէլ Չուքուեզէի շնորհիւ, որ վերջնականապէս «փրկեց» Փարիզ Սեն Ժերմենը:
Անակնկալ էր Ը. խմբակին գծով Անթուերփ – Պարսելոնա մրցումը, որուն արդիւնքը մասնաւոր բան պիտի չփոխէր, բայց Չաւի Հերնանտեսի տղաքը վերջերս լաւ ֆութպոլ չէին խաղար, 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեցին Պելճիքայի մէջ:
Արթուր Վերմիրըն, Վենսան Եանսըն եւ Ճորճ Իլենիխենա նշանակեցին Անթուերփի 3 կոլերը, մինչ Ֆեռան Թորես եւ Մարք Կույու` Պարսայի 2 կոլերը:
Ստորեւ արդիւնքները եւ վերջնական դասաւորումները.
Ե. ԽՄԲԱԿ
Սելթիք – Ֆեյենուրտ 2-1
Աթլեթիքօ Մատրիտ – Լացիօ Ռոմա 2-0
ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ
1.- Աթլեթիքօ Մատրիտ 14 (17-6) ԿԷՏ
2.- Լացիօ Ռոմա 10 (7-7) ԿԷՏ
3.- Ֆեյենուրտ 6 (9-10) ԿԷՏ
4.- Սելթիք 4 (5-15) ԿԷՏ
Զ. ԽՄԲԱԿ
Տորթմունտ – Փարիզ Սեն Ժերմեն 1-1
Նիւքեսըլ – Ա. Սէ. Միլան 1-2
ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ
1.- Տորթմունտ 11 (7-4) ԿԷՏ
2.- Փարիզ Սեն Ժերմեն 8 (9-8) ԿԷՏ
3.- Ա. Սէ. Միլան 8 (5-8) ԿԷՏ
4.- Նիւքեսըլ 5 (6-7) ԿԷՏ
Է. ԽՄԲԱԿ
Լայփցիկ – Եանկ Պոյզ 2-1
Կարմիր Աստղ Պելկրատ – Մանչեսթըր Սիթի 2-3
ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ
1.- Մանչեսթըր Սիթի 18 (18-7) ԿԷՏ
2.- Լայփցիկ 12 (13-10) ԿԷՏ
3.- Եանկ Պոյզ 4 (7-13) ԿԷՏ
4.- Կարմիր Աստղ 1 (7-15) ԿԷՏ
Ը. ԽՄԲԱԿ
Անթուերփ – Պարսելոնա 2-3
Փարթօ – Շախթիոր Տոնեցք
ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ
1.- Պարսելոնա 12 (12-6) ԿԷՏ
2.- Փորթօ 12 (15-8) ԿԷՏ
3.- Շախթիոր 9 (10-12) ԿԷՏ
4.- Անթուերփ 3 (6-17) ԿԷՏ
Երկուշաբթի կէսօրին տեղի կ՛ունենան 1/16-րդ հանգրուանի վիճակաձգութիւնները: Ըստ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի օրէնքին, նոյն խմբակէն խումբեր իրար դէմ չեն կրնար խաղալ, ինչպէս նաեւ նոյն երկրէն խումբեր իրար դէմ չեն կրնար մրցիլ այս հանգրուանին: Առաջին դիրքը գրաւող խումբեր Արսենալ, Աթլեթիքօ Մատրիտ, Պարսելոնա, Պայէրն Միւնիխ, Տորթմունտ, Մանչեսթըր Սիթի, Ռէալ Մատրիտ եւ Ռէալ Սոսիետատ իրենց դէմ ունին 2-րդ դիրքը գրաւող խումբեր` Քոփենհակըն, Ինթեր Միլան, Լացիօ Ռոմա, Լայփցիկ, Նափոլի, Փարիզ Սեն Ժերմեն, Փորթօ եւ ՓՍՎ Այնտհովըն:


