Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թենիս. Քիրկիկոս Կը Մտածէ Լքել Թենիսը

December 15, 2023
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աւստրալիացի թենիսմէն Նիք Քիրկիոս, որ ամէնէն առեղծուածային մարզիկներէն մէկը կը մնայ, 2023-ին հազիւ քանի մը մրցաշարքի մասնակցած էր վիրաւոր ըլլալով, եւ այժմ կը մտածէ առաւելագոյնը 2 տարի եւս խաղալ թենիս` պարզապէս «իր ընտանիքին ծախսը» հանելու համար:

Քիրկիոս ոչ շատ առաջ լաւագոյն թենիսմեններու կարգին էր եւ 2022-ին Ուիմպըլտընի աւարտականին հասնելով բարձր մակարդակի թենիս կը ցուցաբերէր:

Իր անսպասելի հարուածները եւ համարձակ որոշումները միշտ կ՛ապշեցնէին մրցակիցները: Սակայն ան շատ անգամներ ալ մրցակցութեան կ՛անցնէր, ոչ թէ իր մրցակիցին… այլ ինքն իրեն հետ, կամ երբեմն ալ հանդիսատեսներու հետ… Ան երբեմն ինքզինք կը վիրաւորէր թենիսի ռաքեթը կոտրելով կամ հոգեկան անկում կ՛ունենար մրցումի պահու.ն եւ յաղթելիք մրցումը կը պարտուէր:

2024-ի Աւստրալիոյ բաց մրցաշարքի նախօրեակին ան յայտնեց, թէ պատրաստ չէ եւ տակաւին փորձերէ հեռու կը մնայ վիրաւոր ըլլալով:

Մինչ այդ, թիւ 1 թենիսմեն Նովաք Ճոքովիչ հարցազրոյցի մը պահուն յայտնեց, թէ երիտասարդ մարզիկներու պատճառով ինչպիսին են Քարլոս Ալքարաս, Եանիք Սինըր եւ Հոլկըր Ռունէ, իր մէջ նոր «հսկայ մը արթնցաւ»:

24 անգամ կրան շլեմի տիտղոսակիր (մրցանիշ) Ճոքովիչ անցեալ տարի այս ատեն կը մտած էր թենիսի մասին, թերեւս լքելու ժամկէտի ալ մասին. սակայն Ալքարոսի. Սինըրի եւ Ռունէի դէմ մրցելով նկատեց, թէ անոնք ոչ միայն իր ախորժակը բացած են, այլ կարծես 36 տարեկանին փոխարէն տակաւին 15 տարի երիտասարդ է, եւ նոր հանգրուանի մը հասած: Ալքարոսի համար ան ըսաւ, թէ վերջին ժամանակաշրջանի ամէնէն ամբողջական մարզիկն է: 2022-ին արգիլուեցաւ իր մասնակցութիւնը Աւստրալիոյ բաց մրցաշարքին, ապա մուտքը` Միացեալ Նահանգներ, նոյն պատճառով` «Քորոնա» ժահրի դէմ պատուաստ չստանալուն համար:

Նշենք, որ Ճոքովիչ միայն Ուեմպըլտընի մրցաշարքը չէր շահած (Ալքարոսի դէմ 5 սեթով պարտուած) 2023-ի կարեւոր մրցաշարքերէն:

Հարցումէ մը ետք, թէ ուրկէ՞ ուժ կ՛առնէ, կամ չյոգնելու գծով, որքա՞ն ֆիզիքականին վրայ կ՛աշխատի, ան ըսաւ. «Ճիշդ է, որ թենիսը մրցակից հետ անմիջակն շփումի մէջ չես ըլլար ուրիշ մարզախաղերու նման, սակայն եւ շատ աչքով կ՛աշխատիմ Երբ դաշտին կողմերը փոխուինք, կամ դադարի ատեն նստած ջուր խմենք, կը դիտեմ, թէ մրցակիցը որքա՞ն կը քտնի, ինչպէ՞ս շունչ կ՛առնէ, ջուր կը խմէ… Իր մարզիչի խմբակին հետ ինչպէ՞ս կը կապուի, զղայի՞ն է, յոգնա՞ծ է: Միշտ այդ կէտերուն վրայ կ՛աշխատիմ` փնտռելով տկար կէտ մը եւ հոն կեդրոնանալով», ըսաւ Ճոքովիչ:

Ճոքովիչ պիտի սկսի նոր տարեշրջանը «Եունայթըտ Քափ»-ով 29 դեկտեմբերին, ապա Աւստրալիոյ բաց մրցաշարքին 15-28 յունուար, տարուան առաջին կրան շլեմը:

Նախորդը

ԼՕԽ-ի Օրացոյցը` Կրկին Մեր Տուներուն Մէջ

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Անթեթոքումփօ 64 Կէտ Նշանակեց

RelatedPosts

Ուասլ.  Սաժես Յաղթեց Արապիի (90-85)
Մարզական

Ուասլ. Սաժես Յաղթեց Արապիի (90-85)

October 3, 2026
Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ Նասր Քամեր Լոզ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Տիտղոսի Մրցում` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Շապապ Պըրժ

October 3, 2026
«Սփարք Լիկ».  Վաղը` ՀՄԸՄ – Ֆինիքս
Մարզական

«Սփարք Լիկ». Վաղը` ՀՄԸՄ – Ֆինիքս

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.