Մանչեսթըր Եունայթըտ երեքշաբթի գիշեր դուրս մնաց «Չեմփիընզ լիկ»-էն, իր «Օլտ Թրեֆորտ» դաշտին վրայ, որ «Երազներու թատրոն» անունով ծանօթ էր, բայց 90-ականներու կամ մինչեւ 2013-ի օրերը չկան այլեւս, եւ մելամաղձոտ իրականութիւն մը կը տիրէ:
Տարեշրջան մը, որուն ընթացքին Եունայթըտ արդէն իր կատարած մրցումներուն (24 մրցում) կէսը պարտութեամբ աւարտած է, նոր վայրէջքի մէջ կը գտուի եւ մակարդակի լուրջ հարց կը դիմագրաւէ:
Միայն 4 կէտ հաւաքելով «Չեմփիընզ լիկ»-ի խմբակէն, իր պատմութեան նուազագոյն թիւը, մինչ 15 ստացած կոլերով (6 մրցումներու ընթացքին) Մանչեսթըր Եունայթըտ ամէնէն վարն է բոլոր անգլիական ակումբներու գծով:
Վերջին 7 տարեշրջաններուն 3-րդ անգամն ըլլալով Եունայթըտ դուրս մնաց խմբակներու հանգրուանէն, բայց այս անգամ նոյնիսկ 3-րդ դիրքը չկրցաւ գրաւել` մասնակցելու «Եուրոփա լիկ»-ին:
Աւելին, այս վիճակին մէջ, այս շաբաթավերջին ալ Լիվըրփուլի դէմ մրցելու համար Էնֆիլտ երթալը ինքնին աւելի մտահոգութիւն կը պատճառէ: Անցեալ տարի 7-0 արդիւնքով աւարտած էր այդ մրցումը` Էնֆիլտի մէջ:
«Համակիրները շատ համբերեցին, բայց մեծ յուսախաբութիւն կայ», «Պի. Պի. Սի.»-ն ըսաւ նախկին յետսապահ Սթիւ Պրուս: «Ինչպէս քանի մը անգամ ըսինք, Եունայթըտի հարցը կը սկսի այս երկու մրցումներէն ետք: Էրիք Թեն Հակ հիմա պէտք է մթնոլորտը բարձրացնէ, եւ այժմ միայն դրական արդիւնք մը կրնայ փոխել վիճակը (Լիվըրփուլի դէմ), աւելցուց Պրուս:
Պայերն Միւնիխ, որ Քինկզլի Քոմանի կոլին շնորհիւ յաղթական վերադարձաւ Միւնիխ, իր բնական ելոյթը չցուցաբերեց, այլ աւելի հանգիստ մրցում մը ունեցաւ, մանաւանդ որ յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը շահած էր արդէն: Պայերն այժմ 40 մրցումներէ ետք անպարտելի է «Չեմփիընզ լիկ»-ի խմբակներու հանգրուանին, եւ յոյսով, որ դիւրին մրցակից մը ունենայ երկուշաբթի օրուան վիճակաձգութեան:
Եւրոպայի եւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի թիւ 1 խումբը` Ռէալ Մատրիտ, 89-րդ վայրկեաննին կրցաւ կոլ մը նշանակել Տենի Սեպայոսի շնորհիւ` շահելով իր բոլոր մրցումները: Պերլինի մէջ տեղի ունեցած մրցումին, Ունիոն Պերլին 2-3 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ռէալէն:
Անգլիոյ այլ ներկայացուցիչ Արսենալ 1-1 արդիւնքով վերադարձաւ: Նետերլանտներէն` հաւասարելով ՓՍՎ Այնտհովընի հետ: Էտի Էնքեթիա նշանակեց Արսենալի կոլը` պատճառ դառնալով, որ Արսենալ գրաւէ Բ. խմբակի պարագլուխի դիրքը:
Ստորեւ` արդիւնքները եւ վերջնական դասաւորումները.
Ա. ԽՄԲԱԿ
Քոփենհակըն – Կալաթասարայ 1-0
Մանչեսթըր Եունայթտ – Պայերն Միւնիխ 0-1
ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ
1.- Պայերն Միւնիխ 16 (12-6) ԿԷՏ
2.- Քոփենհակըն 8 (8-8) ԿԷՏ
3.- Կալաթասարայ 5 (10-13) ԿԷՏ
4.- Մանչեսթըր Եունայթըտ 4 (12-15) ԿԷՏ
Բ. ԽՄԲԱԿ
ՓՍՎ Այնտհովըն – Արսենալ 1-1
Լանս – Սեւիա 2-1
ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ
1.- Արսենալ 13 (16-4) ԿԷՏ
2.- ՓՍՎ 9 (8-10) ԿԷՏ
3.- Լանս 8 (6-11) ԿԷՏ
4.- Սեւիա 2 (7-12) ԿԷՏ
Գ. ԽՄԲԱԿ
Ունիոն Պերլին – Ռէալ Մատրիտ 2-3
Նափոլի – Պրակա 2-0
ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ
1.- Ռէալ Մատրիտ 18 (16-7) ԿԷՏ
2.- Նափոլի 10 (10-9) ԿԷՏ
3.- Պրակա 4 (6-12) ԿԷՏ
4.- Ունիոն Պերլին 2 (6-10) ԿԷՏ
Դ. ԽՄԲԱԿ
Ինթեր Միլան – Ռէալ Սոսիետատ 0-0
Զալցպուրկ – Պենֆիքա 1-3
ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ
1.- Ռէալ Սոսիետատ 12 (7-2) ԿԷՏ
2.- Ինթեր Միլան 12 (8-5) ԿԷՏ
3.- Պենֆիքա 4 (7-11) ԿԷՏ
4.- Զալցպուրկ 4 (4-8) ԿԷՏ


