Այսօր ժամը 21:00-ին, Մըզհերի մէջ, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները պիտի հիւրընկալեն Չեմփսի աղջիկները:
Երթի 5-րդ հանգրուանին, ՀՄԸՄ 52-37 արդիւնքով անակնկալի բերած էր մրցակից Չեմփսը իր դաշտին վրայ, բայց այդ մրցումէն ետք ի յայտ եկաւ, որ մեր երիտասարդ խումբը իրապէս լաւ խումբ է, եւ արդիւնքը անակնկալ չէր: Փաթիլ Ասատուրեան, Ալիք Թապաքեան, Եաշա Զէյնուն, Փերլա Պու Նասր եւ Տիմա Շահին հնգեակը, առաւել Փերլա Ղաթթաս, Մայսա Խալիլ, Օսէեան Թապպախ Ալիք Քէշիշեան Լին Թամիմ, Լեթիսիա Ֆաքիհ եւ Լին Հոքայյեմ գրեթէ ամէն մրցումի իրեց մասնակցութիւնը բերելով ցոյց տուին եւ մասամբ մը արդարացուցին իրենց վրայ դրուած յոյսերը` բարձր պահելով ակումբի անունը:
Այսօր ուրեմն անգամ մը եւս գեղեցիկ խմբային խաղով եւ մարզիչ Ժորժ Տաղերի ցուցմունքները կատարելով պիտի կեդրոնանանք մեր 14-րդ մրցումին վրայ` Չեմփսի դէմ արձանագրելու համար եղանակի մեր 11-րդ յաղթանակը:


