Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քարլոս Սայնց Շահեցաւ Տաքարի Ռալին 61 Տարեկանին

January 20, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սպանացի վեթերան ինքնաշարժի վարորդ Քարլոս Սայնց երէկ շահեցաւ իր ասպարէզի 4-րդ Տաքարի ռալին 61 տարեկանին` բարելաւելով ամէնէն տարեց վարորդի իր մրցանիշը:

Տաքարի ռալին, որ 1978-էն 2007 կը կոչուէր Փարիզ – Տաքար ռալի, 2008-ին ջնջուեցաւ, երբ Մաւրիտանիոյ մէջ քաղաքական անապահով վիճակ կը տիրէր:

Այս ռալին կատարուեցաւ Հարաւային Ամերիկայի մէջ 2009-էն 2019, իսկ 2020-էն ի վեր տեղի կ՛ունենայ Սէուտական Արաբիոյ մէջ: Վստահաբար այս ռալին, որ Փարիզէն կը սկսէր (Ֆրանսա), ապա կը փոխադրուէր Տաքար (Սենեկալ), նոյն «համը» չունի, բայց կազմակերպող մարմինը այսպէս յարմար կը տեսնէ, եւ անիկա վերջերս տեղի կ՛ունենայ ոչ բնական ճամբաներու վրայ, այլ ամբողջովին աֆ-ռոտ, ժայռոտ, անապատային, լեռնային եւ ձորերով հարուստ ճամբաներու վրայ: Այս մրցումը, որ սկսած էր 5 յունուարին, վերջ գտաւ երէկ, երբ, ինչպէս նշեցինք, Քարլոս Սայնց 4-րդ անգամ ըլլալով տարբեր ինքնաշարժով` այս անգամ Աուտի ինքնաշարժով շահեցաւ տիտղոսը:

Ամէն օր 800-900 քմ ինքնաշարժ վարելով վտանգաւոր ճամբաներու վրայ, այս վեթերան վարորդը կրցաւ գրաւել առաջին դիրքը, Աուտի Առ. Էս. Քիու Ի-թրոնով, որ վառելանիւթով չէ, այլ բարձր վոլթ բարդով: Ան գրաւեց առաջին դիրքը 6-րդ հանգրուանէն ետք, երբ Եազիտ Ռաժեհի (Սէուտական Արաբիա) արկած մը ունենալով կիսատ լքեց մրցումը:

Սպանացին այժմ 4 տարբեր ինքնաշարժներով կը շահի. նախապէս 2010-ին Ֆոլսքվակընով, 2018-ին Փէօժոյով եւ 2020-ին Մինիով:

Այս տարուան մրցումին, Սայնց գերազանցեց պելճիքացի վարորդ Կիյոմ տը Մեվիուի (Թոյոթա) եւ ֆրանսացի Սեպասթիան Լէօպի (Հանթըր): Լէօպ 9 անգամ դարձած է աշխարհի ռալիներու ախոյեան:

Ֆորմիւլա 1-ի Ֆեռարիի վարորդ Քարլոս Սայնց Ճունիըր ներկայ էր շնորհաւորելու իր «մաթատոր» հայրը, որ տարի մը առաջ իր կռնակէն ոսկորներ կոտրած էր` Տաքարի .ռալիի ժամանակ պատահած արկածի մը պատճառով:

 

Նախորդը

ՀՅ Դաշնակցութեան 133-Ամեակ. «Առաջին Քայլեր»

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.». Օքլահոմա Կասեցուց Եութայի Յաղթանակներու Շարքը

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.