Ս. Ծննդեան տօնէն ետք տեղի ունեցաւ Քեշմաթի Լիբանանի 48-րդ ախոյեանութիւնը, ուր պատանիներու տարիքային մրցումներուն ՀՄԸՄ մասնակցեցաւ 7 մարզիկներով: 8 տարեկանէն վար մրցումներուն, Ժոզեֆ Խուրի 3-րդ դիրքը գրաւեց` 4 կէտ հաւաքելով կարելի 6-էն:
10 տարեկանէն վար մրցումներուն, Ճիօ Խուրի առաջին դիրքը գրաւեց` 5 կէտ հաւաքելով առաւելագոյն 6-էն:
Սեւանայ Կարապետեան ընդհանուր դասաւորման 8-րդ դիրքը գրաւեց 3 կէտերով, բայց աղջկանց (10 տարեկանէն վար) մրցումներու առաջին դիրքը գրաւեց:
Վանայ Կարապետեան 2 կէտ հաւաքելով գրաւեց 11-րդ դիրքը, իսկ աղջկանց 2-րդ դիրքը:
12 տարեկանէն վար մրցումներուն, Մարք Մարտիկեան գրաւեց առաջին դիրքը` ձեռք ձգելով առաւելագոյն 6 կէտերը:
14 տարեկանէն վար մրցումներուն, Մարտիկ Մարտիկեան գրաւեց 3-րդ դիրքը` շահելով 4 կէտ: Մարիա Մարտիկեան 9-րդ դիրքը գրաւեց` ձեռք ձգելով 3 կէտ, եւ աղջկանց (14 տարեկանէն վար) առաջին դիրքը: