Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի 18-րդ մրցաշարքը շարունակուեցաւ երէկ Քաթարի մէջ, ուր Լիբանան մրցում մը կատարեց Չինաստանի դէմ եւ յաջողեցաւ կէտ մը խլել մրցակիցէն:
Մոնթենեկրոցի մարզիչ Միոտրակ Ռատուլովիչ փոփոխութիւններ կատարած էր Լիբանանի ազգային խումբի առաջին մրցումի (Քաթարի դէմ) կազմին մէջ, ուր կեդրոնի յետսապահի դիրքին վրայ դաշտ ներկայացաւ Խալիլ Խամիս, իսկ ձախ կողմ` Մահէտ Սապրա, ինչպէս նաեւ դաշտ ներկայացան միջնապահ Հասան Սրուր եւ յառաջապահ Օմար Շաապան (Պոկիել): Մարզիչը ստիպուեցաւ 18-րդ վայրկեանին կանուխ փոփոխութիւն կատարել, երբ Նուր Մանսուր (կեդրոնի պաշտպան) վիրաւորուեցաւ եւ փոխարինուեցաւ Ռոպերթ Մըլքիով:
Առաջին կիսախաղին Լիբանան առիթ ալ ունէր կոլ նշանակելու, երբ խմբապետ Հասան Մաաթուքի հարուածը մեծ քառակուսիին ծայրէն զսպուեցաւ… Չինաստանի բերդի սիւնին կողմէ:
Լիբանանի բերդապահ Մուսթաֆա Մաթար լաւ ձեւով զսպեց չինական զօրաւոր հարուած մը` երկու անգամով:
70-րդ վայրկեանին Ռատուլովիչ յարձակող միջնապահ Մոհամետ Հայտարը դաշտ ներկայացուց խմբապետ Մաաթուքի փոխարէն, իսկ վերջին վայրկեանին Հիլալ Հըլուէ եւ Ուալիտ Շուր դաշտ ներկայացան Օմար Շաապանի եւ Հասան Սրուրի փոխարէն:
Այս հաւասարութիւնը երրորդն է Լիբանանի ազգային խումբին, որ 3-րդ անգամ ըլլալով կը մասնակցի այս մրցաշարքին, երբ 2 հաւասարութիւն արձանագրած էր 2000 թուականին (Պէյրութի մէջ)` Իրաքի (2-2) եւ Թայլանտի (1-1) հետ, մինչ միակ յաղթանակը արձանագրած է 2019-ին Շարժայի (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) մէջ, Հիւսիսային Քորէայի դէմ (4-1):
Այս տարուան բացման մրցումին, Լիբանան պարտութիւն մը կրած էր հիւրընկալ Քաթարէն (3-0) եւ իր վերջին մրցումը (Ա. խմբակին գծով) պիտի կատարէ երկուշաբթի կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին` Տաճիկիստանի դէմ:
Քաթար իր երկրորդ մրցումին 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Տաճիկիստանը:
Ստորեւ Ա. խմբակի դասաւորումը` 2 մրցումներէ ետք.
1.- Քաթար 6 կէտ (4-0)
2.- Չինաստան 2 կէտ (0-0)
3.- Տաճիկիստան 1 կէտ (0-1)
4.- Լիբանան 1 կէտ (0-3)
Նշենք, որ Զ. խմբակին մէջ Թայլանտ 2-0 արդիւնքով յաղթած էր Խըրխըզիստանի, իսկ Սէուտական Արաբիա կիսախաղին 1-0 արդիւնքով ետ մնալէ ետք Օմանի դէմ, կրցաւ 2 կոլեր նշանակել Բ. կիսախաղին, 2-րդ կոլը` 96-րդ վայրկեանին:
Ե. խմբակին մէջ, Յորդանան 4-0 արդիւնքով յաղթեց Մալեզիոյ: