Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Տոնչիչ Վերադարձաւ, Բայց Տալաս Պարտուեցաւ. Կոլտըն Սթէյթի Օգնական Մարզիչը Կը Մահանայ

Յունուար 19, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ Տալաս Մեւրիքս լման կազմով մրցում մը կատարեց Լոս Անճելըսի մէջ տեղւոյն Լէյքըրզի դէմ, եւ հակառակ Լուքա Տոնչիչի վերադարձին եւ թրիփըլ տապըլին, Տալաս չկրցաւ կասեցնել Տանճելօ Ռասըլը, Անթոնիօ Տէյվիսը եւ Լըպրոն Ճէյմսը` տեղի տալով 127-110 արդիւնքով:

Տանճելօ Ռասըլ (29 կէտ), Անթոնիօ Տէյվիս (28 կէտ, 12 ռիպաունտ եւ 9 էսիսթ) եւ Լըպրոն ՃԷյմս (25 կէտ, 8 ռիպաունտ եւ 8 էսիսթ) փայլեցան Լէյքըրզի կողմէ, մինչ Տոնչիչ (33 կէտ, 13 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ) կատարեց, բայց Տերել Լայվլի (16 կէտ, 11 ռիպաունտ), Քայրի Ըրվինկ (12 կէտ) եւ Թիմ Հարտըուէյ Ճունիըր (12 կէտ) նոյնքան լաւ չէին եւ չկրցան փայլիլ:

Եութայի մէջ, Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ կը պատրաստուէր մրցելու Ճեզի դէմ, բայց մրցումէն գիշեր մը առաջ, խումբի ընթրիքի պահուն, օգնական մարզիչ սերպ Տէյան Միլոյեվիչ սրտի կաթուած մը անցուց եւ քիչ ետք մահացաւ: 46 տարեկան Միլոյեվիչ, որ 2 անգամ «Էմ. Վի. Փի.» Նիքոլա Եոքիչի անձնական մարզիչն էր Սերպիոյ մէջ, 2022-ին ախոյեանութեան շահած Ուորիըրզի խումբին մաս կը կազմէր:

Այս լուրէն ետք Եութա – Կոլտըն Սթէյթ մրցումը, որ երէկ տեղի պիտի ունենար, յետաձգուեցաւ անորոշ թուականով:

Քլիվլենտ Քեւելիրզ իր յաջորդական 6-րդ մրցումը յաղթեց երէկ, երբ 40 կէտի առաւելութեամբ յաղթեց Միլուոքի Պաքսի, որմէ կը բացակայէր Եաննիս Անթեթոքումփօ: 29 մրցումէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով բացակայած Եաննիս աջ ուսի ցաւ ունէր եւ մրցումը դիտեց պահեստի աթոռներէն:

Տոնովըն Միշել 31 կէտ նշանակեց, մինչ Ճորճ Նիանկ աւելցուց 33 կէտ ի նպաստ Քեւելիրզի, որ զարմանալիօրէն վերջին 14 մրցումներէն 11-ը յաղթած է, առանց վիրաւորներ Տարիըս Կարլընտի (կզակը կոտրած) եւ Էվըն Մոպլիի (ծունկի վիրաբուժութիւն): Ճէրըթ Էլըն նշանակեց 21 կէտ եւ 13 ռիպաունտ (յաջորդաբար 10-րդ տապըլ տապըլ)` ի նպաստ Քլիվլէնտի:

Միլուոքիի լաւագոյն մարզիկներն էին Տեմիըն Լիլըրտ (17 կէտ), Պոպի Փորթիս (16 կէտ) եւ Ճէյ Քրաուտըր (15 կէտ):

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 117-124
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Մայեմի Հիթ 121-97
Նիւ Եորք Նիքս – Հիւսթըն Ռոքեթց 109-94
Քլիվլենտ Քեւելիրզ – Միլուոքի Պաքս – 135-95
Պոսթըն Սելթիքս – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 117-98
Աթլանթա Հոքս – Օրլանտօ Մեճիք 106-104
Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ – Չարլոթ Հորնեթց 132-112
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Տալաս Մեւրիքս 127-110
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Պրուքլին Նեթց 105-103
Եութա Ճեզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ (յետաձգուած)

 

 

Նախորդը

Թենիս, Մետվետեւ Դժուարութեամբ Յաղթեց. Ռիպաքինա Եւ Փեկուլա Դուրս Մնացին

Յաջորդը

Անելքա Նպատակ Ունի Հայաստանի Մէջ Ֆութպոլի Ակադեմիա Բանալ

RelatedPosts

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն.  «Ռան Տը Սիթի» Մրցումը` 7 Սեպտեմբերին
Մարզական

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն. «Ռան Տը Սիթի» Մրցումը` 7 Սեպտեմբերին

Օգոստոս 19, 2025
Պասքեթպոլ.  Աւստրալիա` Ասիոյ Ախոյեան
Մարզական

Պասքեթպոլ. Աւստրալիա` Ասիոյ Ախոյեան

Օգոստոս 19, 2025
Լիկ 1.  Փարիզ Սեն Ժերմեն Յաղթանակով Սկսաւ
Մարզական

Լիկ 1. Փարիզ Սեն Ժերմեն Յաղթանակով Սկսաւ

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?