Այսօր կը շարունակուին 4-րդ դասակարգի Լեռնալիբանանի ախոյեանութեան մրցումները, որոնք օդերեւութական վատ պայմաններուն պատճառով յետաձգուած էին անցեալ շաբաթավերջին: Դ. խմբակի պարագլուխի դիրքը գրաւող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ ժամը 19:30-ին Անսարի դաշտին վրայ պիտի մրցի Իսթիքլալի դէմ: Իսթիքլալ 1 մրցում աւելի խաղցած է եւ ՀՄԸՄ-ի նման 9 կէտ ունի: ՀՄԸՄ-ի տղաքը 3 մրցումի ընթացքին 31 կոլ նշանակած են` ստանալով 2 կոլ, մինչ Իսթիքլալ 13 կոլ նշանակած է 4 մրցումի ընթացքին` ստանալով 7 կոլ: Մեր տղոցմէ կը սպասուի 90 վայրկեան պայքար` անպայման 3 կէտերը ձեռք ձգելու ձգտումով:
Միւս կողմէ, 4-րդ դասակարգի Պէյրութի շրջանի մրցումները կը սկսին այս շաբաթավերջին, ուր կիրակի երեկոյեան ՀՄԸՄ Պէյրութ կը մրցի Էֆ. Սի. Պէյրութի դէմ:
ՀՄԸՄ Պէյրութը, որ լուսարձակներէ հեռու կը պատրաստուէր, կը մարզէ Հասան Մոքտատ` «Միտօ», որ նախապէս խումբը կը մարզէր, երբ անիկա երկրորդ դասակարգին մէջ կը մրցէր: Էֆ. Սի. Պէյրութի կողքին ՀՄԸՄ Պէյրութի մրցակիցները պիտի ըլլան Նուժում, Զամալեք Պէյրութ, Սապիլ, Արզ, Բանակի խումբը, Տինամօ Պէյրութ, Նօ Լիմիթց եւ Անդրանիկ:


