Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան Դ. դասակարգի Պէյրութի շրջանի մրցումները կը սկսին այս շաբաթավերջին:
Վաղը Անսարի դաշտին վրայ ժամը 18:00-ին, ՀՄԸՄ Պէյրութ պիտի մրցի Ֆ. Ք. Պէյրութի դէմ:
4-րդ դասակարգին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պէյրութ, որ 4 տարի առաջ Դ. դասակարգ փոխադրուած էր, 3 տարիէ ի վեր կը փորձէ բարձրանալ, հակառակ անոր որ միշտ ալ լաւ սկսած է, սակայն վերջին մրցումներուն մրցակից խումբերու տարբեր ձեւի խաղերով ետ մնացած եւ անյոյս եղած է:
Յուսանք, որ այս տարեշրջանին աւելի լուրջ կ՛ըլլան ճիգերը, եւ բոլոր մարզիկները պատասխանատու կը զգան իրենց կարելին տալու 90 վայրկեան, որպէսզի խումբն ալ բարձրանայ Գ. դասակարգ:
Համակիրներէն կը սպասուի ներկայ ըլլալ եւ քաջալերել մեր նորեկ խումբը` նոր մարզիչ Հասան Մոքտատի հետ (Միտօ):


