Շէյ Կիլճիըս-Ալեքսանտր 31 կէտ նշանակեց եւ Ճէյլըն Ուիլիըմս իր 27 կէտերէն 11-ը նշանակեց 4-րդ մասին` առաջնորդելով Օքլահոմա Սիթի Թանտըրը 134-129 արդիւնքով յաղթանակի մը` Եութա Ճէզի դէմ, որ 6 յաջորդական յաղթանակներէ ետք պարտութիւն մը կրեց:
Ուիլիըմս 4 հատ 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց, 3-րդ յաջորդական մրցումը ըլլալով նշանակեց 25 կամ աւելի կէտեր: Քէյսըն Ուալաս 16 կէտ նշանակեց եւ Ճոշ Կիրտի 20 կէտ եւ ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Թանտըրի, որ 19 հատ ֆասթ պրէյքով կէտեր նշանակեց:
Քոլին Սեքսթըն (31 կէտ) եւ Լաուրի Մարքանեն (26 կէտ) եղան լաւագոյնները Ճեզի, որ իր դաշտին վրայ 9 յաջորդական յաղթանակներ արձանագրելէ ետք, երէկ պարտուեցաւ:
Ճէյըն Պրանսըն 41 կէտ նշանակեց ի նպաստ Նիւ Եորք Նիքսի, որ 4 կէտի առաւելութեամբ կրցաւ յաղթել Ուաշինկթըն Ուիզըրտծի, Մետիսըն Սքուեր Կարտընի մէջ (Նիւ Եորք): Պրանսըն 8 ռիպաունտ եւ 8 էսիսթ ալ կատարեց` 4-րդ մասի վճռական վայրկեաններուն նշանակելով Նիւ Եորքի 21 կէտերէն 18-ն:
Ճուլիըս Ռենտըլ աւելցուց 21 կէտ ի նպաստ Նիքսի, մինչ Տիվիչենզօ եւ Օ. Ճի. Անանոպի 19-ական կէտեր աւելցուցին: Նիքս վերջին 10 մրցումներուն 8-րդ յաղթանակը արձանագրեց 1 յունուարին Թորոնթոյէն Անանոպիի միանալէն ետք:
Նշենք, որ Պրանսըն եւ Ռենտըլ կրնան մասնակցիլ «Օլ Սթար» մրցումին, եթէ յաւելեալ քուէներ ստանան 3-րդ հանգրուանի քուէարկութիւններուն:
Ստորեւ կը ներկայացնենք առաւելագոյն քուէ ստացող մարզիկները, որոնք բաժնուած են 2 շրջաններու` արեւելեան եւ արեւմտեան, իսկ խումբերու քուէարկութիւնները նորէն երկուքի բաժնուած էին` կարտեր եւ յարձակողներ (սենթըր եւ ֆորուըրտ):
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԲԱԺԻՆ ՅԱՐՁԱԿՈՂՆԵՐ
1.- Լըպրոն Ճէյմս (Լոս Անճելըս Լէյքըրզ)
2.- Նիքոլա Եոքիչ (Տենվըր Նակեթց)
3.- Քեւըն Տիւրենթ (Ֆէօնիքս Սանզ)
4.- Անթոնի Տէյվիս (Լոս Անճելըս Լէյքըրզ)
5.- Քուայ Լենըրտ (Լոս Անճելըս Քլիփըրզ)
6.- Ալփերեն Շենկիւն (Հիւսթըն Ռոքեթց)
7.- Փոլ Ճորճ (Լոս Անճելըս Քլիփըրզ)
8.- Վիքթոր Ուեմպանեամա (Սան Անթոնիօ Սփըրզ)
9.- Չեթ Հոլմկրեն (Օքլահոմա Սիթի Թանտըր)
10.- Տոմանթաս Սապոնիս (Սաքրամենթօ Քինկզ)
ԿԱՐՏԵՐ (ՊԱՇՏՊԱՆՆԵՐ)
1.- Լուքա Տոնչիչ (Տալաս Մեւրիքս)
2.- Սթեֆըն Քըրի (Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ)
3.- Շէյ Կիլճիըս Ալեքսանտր (Օքլահոմա Սիթի Թանտըր)
4.- Ճէյմս Հարտըն (Լոս Անճելըս Քլիփըրզ)
5.- Քայրի Ըրվինկ (Տալաս Մեւրիքս)
6.- Անթոնի Էտուըրտծ (Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ)
7.- Տը՛Արոն Ֆոքս (Սաքրամենթօ Քինկզ)
8.- Ճա Մըրենթ (Մեմֆիս Կրիզլիզ)
9.- Տեւըն Պուքըր (Ֆէօնիքս Սանզ)
10.- Օսթըն Ռիվզ (Լոս Անճելըս Լէյքըրզ)
ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԲԱԺԻՆ ՅԱՐՁԱԿՈՂՆԵՐ
1.- Եաննիս Անթեթոքումփօ (Միլուոքի Պաքս)
2.- Ժոել Էմպիիտ (Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ)
3.- Ճէյսըն Թէյթըմ (Պոսթըն Սելթիքս)
4.- Ճիմի Պաթլըր (Մայեմի Հիթ)
5.- Ճէյլըն Պրաուն (Պոսթըն Սելթիքս)
6.- Քրիսթափս Փորզինկիս (Պոսթըն Սելթիքս)
7.- Պեմ Ատեպայօ (Մայեմի Հիթ)
8.- Փաուլօ Պանչերօ (Օրլանտօ Մեճիք)
9.- Ճուլիըս Ռենտըլ (Նիւ Եորք Նիքս)
10.- Միքալ Պրիճզ (Պրուքլին Նեթց)
ԿԱՐՏԵՐ (ՊԱՇՏՊԱՆՆԵՐ)
1.- Թայրիս Հելիպըրթըն (Ինտիանա Փէյսըրզ)
2.- Թրէյ Եանկ (Աթլանթա Հոքս)
3.- Տեմիըն Լիլըրտ (Միլուոքի Պաքս)
4.- Տոնավան Միչել (Քլիվլենտ Քեւելիրզ)
5.- Թայրիս Մեքսի (Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ)
6.- Ճէյլըն Պրանսըն (Նիւ Եորք Նիքս)
7.- Տերեք Ուայթ (Պոսթըն Սելթիքս)
8.- Լա Մելօ Պոլ (Չարլոթ Հորնեթց)
9.- Ճրու Հոլիտէյ (Պոսթըն Սելթիքս)
10.- Տըմար Տըրոզըն (Շիքակօ Պուլզ)


