Լիբանանեան Ֆութպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռիատի Արամուն
Վաղը, կէսօրէ ետք ժամը 14:15-ին, Ահտի դաշտին վրայ Լեռնալիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով շատ հետաքրքրական մրցում մը տեղի պիտի ունենայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի եւ Ռիատի Արամունի միջեւ, 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մեր տղաքը եւ Ռիատի Արամուն իրենց 4 մրցումներն ալ յաղթանակով աւարտած են, եւ կը սպասուի ծայր աստիճան «տաք» մրցում: Ճիշդ է, որ երկու խումբերն ալ արդէն...




















