Հինգշաբթի գիշեր, Մանարայի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները 79-48 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեցին տեղւոյն Ռիատիի կազմէն:
Ասիկա տարեշրջանի 4-րդ պարտութիւնն էր ՀՄԸՄ-ի մեր աղջիկներուն` 15 մրցումներու ընթացքին: ՀՄԸՄ-ի աղջկանց կազմը մնաց 3-րդ դիրքին վրայ:
Փերլա Պու Նասր (11 կէտ, 7 ռիպաունտ), Ալիք Թապաքեան (10 կէտ, 5 ռիպաունտ), Փաթիլ Ասատուրեան (10 կէտ), Մայսա Խալիլ (7 կէտ), Եաշա Զէյնուն (5 կէտ, 6 ռիպաունտ) եւ Օսէեան Թապպախ (5 կէտ, 7 ռիպաունտ) նշանակեցին ՀՄԸՄ Անթիլիասի կէտերը:
ՀՄԸՄ Անթիլիասի յաջորդ մրցակիցն է Թաատոտ, որուն դէմ պիտի մրցինք երկուշաբթի երեկոյեան ժամը 21:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ: Թաատոտ վերջին դիրքը կը գրաւէ եւ 15 մրցումերէն 14-ը պարտութեամբ աւարտած է:


