Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տուպայի 33-րդ Մրցաշարք. ՀՄԸՄ Հասաւ Քառորդ Աւարտական Եւ Պարտուեցաւ Ռիատիէն

January 27, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ շարունակուեցան Տուպայի պասքեթպոլի 33-րդ մրցաշարքի մրցումները, ուր տեղի ունեցան քառորդ աւարտականի մրցումները:

ՀՄԸՄ, որ օր մը առաջ 92-85 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր Ուահտէէն (Սուրիա), աւելի կէտեր նշանակած ըլլալուն պատճառով գրաւեց խմբակին Դ. դիրքը եւ քառորդ աւարտականին մրցակից ունեցաւ Լիբանանի ախոյեան Ռիատին:

Պէտք է ըսել, որ մեր տղաքը Ուահտէի դէմ մրցումին հերոսական ելոյթ ունեցան 1 օտար մարզիկով` Տուէյն Ճեքսընի հետ, մինչ Ճիմի Սալեմ եւ օտարներ Զեք Լոֆթըն եւ Էլիա Հոլմըն վիրաւոր ըլլալու պատճառով բացակայեցան:

Կերի Չիւիչեան եւ Տուէյն Ճեքսըն ամբողջ 40 վայրկեան դաշտին մէջ մնացին, մինչ Կեպի Աճեմեան (35:05) Ժատ Խալիլ (39:49) Ժերար Հատիտեան (37:01) մասնակցեցան գրեթէ մրցումի մեծամասնութեան:

Ժերար Հատիտեան եւ Տուէյն Ճեքսըն տապըլ տապըլ իրագործեցին, Ժերար 34 կէտ եւ 14 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Ճեքսըն 11 կէտ եւ 15 էսիսթ կատարեց: Կերի Չիւիչեան 26 կէտ նշանակեց (8 հատ 3 կէտնոց յաջող կէտերով), մինչ Ժատ Խալիլ 10 կէտ եւ 9 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:

Երէկ, քառորդ աւարտականի մրցումին` Ռիատիի դէմ, շատ բնական էր, որ տղաքը յոգնած վիճակի մէջ էին, եւ ինչպէս նախապէս ըսած էինք, այս մրցաշարքը ձեւով մը բանակումի նման լուրջ մրցումներով փորձելու շարք մըն էր, խումբին խմբային խաղարկութիւնը լաւացնելու եւ աւելի ներդաշնակ պասքեթպոլ խաղալու համար, բան մը, որ սկսանք տեսնել:

Երէկ առաւելագոյն կէտերը նշանակեց Չեք Լոֆթըն` 21 կէտ, Ժատ Խալիլ աւելցուց 16 կէտ, իսկ Կերի Չիւիչեան 11 կէտ:

Ռիատի շատ աւելի փորձառու խումբ է, մարզիկները բաւական լաւ կը ճանչնան իրար, կրցան 21-17 արդիւնքով սկսիլ Բ. մասը, որ եղաւ մրցումը վճռող մաս: Արդարեւ, Ռիատի իր 4 կէտի առաւելութիւնը 14-ի աւելցուց մինչեւ կիսախաղ, եւ 22-ի` մինչեւ 3-րդ մասի աւարտ: 4-րդ մասին, ՀՄԸՄ, որ արդէն դաշտ կը ներկայացնէր գրեթէ բոլոր առողջ մարզիկները (Ճիմի Սալեմ բացակայ էր վիրաւոր ըլլալուն պատճառով), կրցաւ օգտուիլ Ռիատիի «հանգիստ» վիճակէն եւ 30-25 արդիւնքով յաղթեց 4-րդ մասին` մրցումը աւարտելով 103-86 արդիւնքով:

Այսօր երեկոյեան ժամը 17:00-ին Ռիատիի մրցակիցը պիտի ըլլայ Ահլի Թրիփոլի (Լիպիա), մինչ ժամը 19:15-ին Պէյրութ պիտի մրցի Սթրոնկ Կրուփի (Ֆիլիփեան կղզիներ) դէմ:

Աւարտականը տեղի կ՛ունենայ վաղը ժամը 17:15-ին, իսկ 3-րդ դիրքի մրցումը` ժամը 15:15-ին:

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի – ՀՄԸՄ Անթիլիաս` 79-48

Յաջորդը

Թուրքիան Արեւմտեան Հետախուզական Կազմակերպութիւններէն Պահանջած Է Իրենց Գործողութիւններուն Մասին Տեղեկացնել

RelatedPosts

Ուասլ.  Սաժես Յաղթեց Արապիի (90-85)
Մարզական

Ուասլ. Սաժես Յաղթեց Արապիի (90-85)

October 3, 2026
Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ Նասր Քամեր Լոզ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Տիտղոսի Մրցում` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Շապապ Պըրժ

October 3, 2026
«Սփարք Լիկ».  Վաղը` ՀՄԸՄ – Ֆինիքս
Մարզական

«Սփարք Լիկ». Վաղը` ՀՄԸՄ – Ֆինիքս

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.