Այսօր երեկոյեան ժամը 18:00-ին Անսարի դաշտին վրայ (օդակայանի ճամբան) ՀՄԸՄ Պէյրութի տղոց ֆութպոլի խումբը պիտի կատարէ տարեշրջանի իր երկրորդ մրցումը Սապիլ խումբին դէմ:
Իր առաջին մրցումին, 4-0 արդիւնքով յաղթած (Պէյրութ ակումբին) ՀՄԸՄ Պէյրութի մեր տղաքը պիտի փորձեն արձանագրել 2-րդ յաջորդական յաղթանակը խումբի մը դէմ, որ իր կարգին յաղթանակով սկսած էր տարեշրջանը 3-2 արդիւնքով` Արզին դէմ:
Կը սպասուի, որ ՀՄԸՄ-ի տղաքը լրջօրէն մօտենան ամէն մրցումի եւ խաղան կարծէք աւարտականի մրցում է: 3 կէտը շատ կարեւոր է եւ այդ պէտք է ըլլայ տղոց 90 վայրկեան պայքարի մղիչ նպատակը:
Առաջին հանգրուանին Լիբանանեան բանակի խումբը 5-2 արդիւնքով յաղթած էր Տինամօ Պէյրութին, Անդրանիկ Նօ Լիմիթց խումբին` 5-1 արդիւնքով, Նուժում Պէյրութ Զամալեք Պէյրութի` 1-0 արդիւնքով, եւ ինչպէս նշեցինք, ՀՄԸՄ Պէյրութ 4-0 արդիւնքով Ֆ. Ք. Պէյրութի եւ Սապիլ Արզի` 3-2 արդիւնքով:
Այսօր, Զամալեք կը մրցի Ֆ. Ք. Պէյրութի դէմ, Նօ Լիմիթց` Տինամօ Պէյրութի դէմ, Լիբանանեան բանակը` Նուժումի դէմ, իսկ Արզ` Անդրանիկի դէմ (վաղը):


