Ռիատի մէջ (Սէուտական Արաբիա) Լիոնել Մեսսի իր խումբին` Ինթեր Մայեմիի հետ քանի մը բարեկամական մրցումներ կը կատարէ փետրուարին սկսելիք Միացեալ Նահանգներու ախոյեանութեան պատրաստութիւններու ծիրին մէջ:
Երկուշաբթի գիշեր, Ինթեր Մայեմի մրցում մը կատարեց Հիլալ խումբին դէմ եւ 4-3 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց:
Հիլալ, որուն մաս կը կազմեն Նէյմար (վիրաւոր) եւ իրենց ազգային խումբերուն հետ Ամերիկայի եւ Ասիոյ բաժակի մրցաշարքերու մասնակցող մարզիկներ Եասին Պոնօ (Մարոքի բերդապահ), Քալիտու Քուլիպալի (Սենեկալ), ինչպէս նաեւ Սէուտական Արաբիոյ ազգային խումբի 9 մարզիկներ, առաջին 13 վայրկեաններուն կրցաւ 2 կոլեր նշանակել` շնորհիւ Ալեքսանտր Միթրովիչի եւ Ապտալլա Համտանի: 34-րդ վայրկեանին, Լուիս Սուարես նշանակեց Ինթերի կոլը, որմէ 10 վայրկեան ետք, պրազիլցի Մայքըլ նշանակեց Հիլալի 3-րդ կոլը:
51-րդ վայրկեանին Լիոնել Մեսսի ՎԱՐ-ի երկար ստուգումներէ ետք փենալթի մը կոլի վերածեց:
Վայրկեան մը ետք, Տաւիտ Ռուիս Մեսսիի փոխանցումէն ետք նշանակեց 3-3-ի կոլը: 88-րդ վայրկեանին այլ պրազիլցի մը` Մալքոմ նշանակեց Հիլալի 4-րդ եւ վերջին կոլը:
Վաղը ժամը 20:00-ին Ռիատի մէջ տեղի կ՛ունենայ սպասուած մրցումը` Նասրի եւ Ինթեր Մայեմիի միջեւ:
Վերջին լուրջ մրցակցութիւնը տեղի ունեցած էր 8 դեկտեմբեր 2020-ին, երբ Ռոնալտօ կը խաղար Եուվէի հետ, իսկ Մեսսի` Պարսելոնայի, եւ Եուվէ 3-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձած էր Իտալիա` Պարսելոնայի դաշտէն: Ռոնալտօ 2 կոլ նշանակած էր (փենալթիներով):
Այդ մրցումէն ետք, Մեսսի մեկնելէ ետք Փարիզ Սեն Ժերմեն, բարեկամական մրցում մը ունեցած էր 21 յունուար 2023-ին Հիլալի եւ Նասրի աստղերուն դէմ, ուր Փարիզեան կազմը յաղթած էր 5-4 արդիւնքով, ուր Մեսսի 1 կոլ նշանակած էր, իսկ Ռոնալտօ` 2:
Վաղուան ճակատումը հաւանաբար ըլլայ վերջին ելոյթը այս երկու պատմական մարզիկներուն միջեւ, որոնք մրցանիշներու գիրքերու էջեր ողողած են իրենց մրցանիշներով:


