Երէկ վերջ գտաւ Տուպայի 33-րդ պասքեթպոլի մրցաշարքը, երբ աւարտական մրցումին Լիբանանի ախոյեան Ռիատի 77-74 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սթրոնկ Կրուփ (Ֆիլիփեան կղզիներ) խումբը:
Ռիատի շատ լաւ ձեւով սկսաւ մրցումը եւ առաջին մասին 22-12 արդիւնքով յաղթելէ ետք կիսախաղին 46-32 արդիւնքով յառաջ անցած էր: 3-րդ մասին ամէն ինչ փոխուեցաւ եւ Սթրոնկ Կրուփ կրցաւ 10 կէտով մօտենալ` նեղի բերելով լիբանանեան կազմը (61-57): 4-րդ մասին Ռիատի շատ առիթներ կորսնցուց, եւ մրցակիցը յաջորդական 3 կէտնոց կողովներ նշանակելով արդիւնքը հասցուց 61-65-ի` ի նպաստ Սթրոնկ Կրուփի: Քիքանովիչ արդիւնքը մօտեցուց 63-65-ի, ապա ֆաուլէ ետք առիթ ունէր 2 կէտ նշանակելու, նշանակեց մէկը եւ կորսնցուց միւսը` 64-65: «Էն. Պի. Էյ.»-ի աստղերէն Տուայթ Հաուըրտ իր կարգին զոյգ հարուած ունէր ֆաուլէ մը ետք, կորսնցուց մէկը, որմէ ետք Մեննի Հերիս 3 կէտնոց կողով մը, եւ Ռիատի վերստին առաջ անցաւ` 67-66: Ֆաուլ մը եւս եւ Հաուըրտ 1-ը կրցաւ նշանակել, մինչ Հերիսի վրայ ֆաուլ մը, որ 2 կէտերը նշանակեց, արդիւնք` 69-67: Մրցումի աւարտին 3 վայրկեան մնացած Ամիր Սէուտ, որ քանի մը վայրկեան դաշտ ներկայացաւ վիրաւոր ըլլալով, 3 կէտնոց կողով մը նշանակեց` 72-67: Ռոպինսըն երկու յաջորդական յարձակումներ եւ 2 անգամ կէտեր նշանակեց` 72-71: Ուաէլ Արաքժի 2 կէտնոց կողով նշանակեց 1:35 վայրկեան մնացած` 74-71: Մրցակից խումբի մարզիկներէն Հետինկ 3 կէտնոց կողով` 74-74: Յարձակումներ կատարուեցան երկու կողմերէն, բայց կողով չնշանակուեցաւ եւ Ուաէլ Արաքժի աւարտէն 8 երկվայրկեան առաջ յարձակում մը կատարեց մրցակիցի կողովի ուղղութեամբ եւ դէպի դուրս տուաւ Իսմայիլ Ահմետի (47 տարեկան), որ 3 կէտնոց կողով նշանակած պահուն մրցումի աւարտի սուլիչը սուլեց պազըր պիթըր: Ռիատի ախոյեան դարձաւ Տուպայի մրցաշարքին:
3-րդ դիրքի մրցումին, Ահլի Թրիփոլի (Լիպիա) 94-73 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պէյրութ Ֆըրսթ լիբանանեան խումբը:
Կիսաւարտականին, Ռիատի յաղթած էր Ահլի Թրիփոլիին (Լիպիա)` 83-73 արդիւնքով, մինչ Սթրոնկ Կրուփ 94-72 արդիւնքով դուրս ձգած էր Պէյրութ Ֆըրսթը: