Շաբաթավերջին շատ հետաքրքրական մրցումներ տեղի ունեցան «Էն. Պի. Էյ.»-ի մէջ:
Լուքա Տոնչիչ 73 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց Աթլանթայի մէջ, տեղւոյն Հոքսի դէմ մրցումին, ուր Տալաս 148-143 արդիւնքով յաղթական դուրս եկաւ:
Լուքա Տոնչիչ այս եղանակի ամէնէն շատ կէտերը նշանակող մարզիկը եղաւ` դառնալով պատմութեան 4-րդ առաւելագոյն կէտեր նշանակող մարզիկը:
Ուիլթ Չեմպըրլէյն 1962-ին 100 կէտ նշանակած էր (առաջին), 2006-ին Քոպի Պրայընթ 81 կէտ նշանակած էր, իսկ 1961-ին նոյնինքն Չեմպըրլէյն 78 կէտ:
Լուքա հաւասարեցաւ Ուիլթ Չեմպըրլէյնի (2 անգամ 73 կէտ նշանակած) եւ Տէյվիտ Թոմսընի (1978-ին) 73 կէտերուն:
Նոյն օրը, Ֆինիքս Սանզի մարզիկ Տեվըն Պուքըր 62 կէտ նշանակեց, բայց իր չար բախտէն Տոնչիչի կէտերը աւելի ըլլալով գրաւեց լուսարձակները:
Ինտիանայի դաշտին վրայ Ֆինիքս Սանզ 133-131 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Փէյսըրզէն (հակառակ Պուքըրի 62 կէտերուն):
Երէկ, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ, Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 145-144 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Լոս Անճելըս Լէյքըրզէն, որուն վեթերան Լըպրոն Ճէյմս թրիփըլ տապըլ իրագործեց` 36 կէտ, 20 ռիպաունտ (իր նոր մրցանիշը) եւ 12 էսիսթ ձեռք ձգելով:
Ճէյմս – Սթեֆ Քըրի մրցակցութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ, մանաւանդ երբ Քըրի 3 կէտնոց կողով մը նշանակեց` արդիւնքը հաւասարեցնելով 118-118-ի, ստիպելով երկարաձգումի դիմել: Առաջին երկարաձգումն ալ հաւասար աւարտելէ ետք (130-130), երկրորդ երկարաձգումին ՃԷյմս 2 կէտեր նշանակեց ֆաուլի ենթարկուելէ ետք, աւարտէն 1,2 երկվայրկեան մնացած, եւ Լէյքըրզ յաղթեց:
Անթոնի Տէյվիս 29 կէտ եւ 13 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Տանճելօ Ռասըլ 28 կէտ նշանակեց (հինգ հատ 3 կէտնոց կողովներ):
Սթեֆ Քըրի 46 կէտ նշանակեց (ինը 3 կէտնոց կողով), մինչ Քլէյ Թոմփսըն աւելցուց 24 կէտ (6 հատ 3 կէտնոց կողով):
Ստորեւ` շաբաթավերջի արդիւնքները.
Ինտիանա Փէյսըրզ – Ֆինիքս Սանզ 133-131
Չարլոթ Հորնեթց – Հիւսթըն Ռոքեթց 104-138
Աթլանթա Հոքս – Տալաս Մեւրիքս 143-148
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 107-127
Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ – Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 83-107
Միլուոքի Պաքս – Քլիվլենտ Քեւելիրզ 100-112
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Օրլանտօ Մեճիք 107-106
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 116-100
ԵՐԷԿ
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 104-118
Նիւ Եորք Նիքս – Մայեմի Հիթ 125-109
Տենվըր Նակեթց – Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 111-105
Պրուքլին Նեթց – Հիւսթըն Ռոքեթց 106-104
Չարլոթ Հորնեթց – Եութա Ճեզ 122-134
Պոսթըն Սելթիքս – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 96-115
Միլուոքի Պաքս – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 141-114
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 144-145
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 113-112
Տալաս Մեւրիքս – Սաքրամենթօ Քինկզ 115-120