Խրուաթիոյ նախկին միջնապահ Իվան Ռաքիթիչ լքեց իր Սեւիա ակումբը, որպէսզի միանայ Սէուտական Արաբիոյ Շապապ խումբին:
Ռաքիթիչ 2-րդ անգամ ըլլալով կը խաղար Սեւիայի հետ. ան առաջին անգամ 2011-2014 փայլած էր Սեւիայի հետ, ապա միացած Պարսելոնային, որմէ վերադարձած` Սեւիա: Ռաքիթիչ Սեւիայի փոխխմբապետն էր եւ դարձաւ ամէնէն շատ ելոյթ ունեցող օտար մարզիկը` կատարելով 323 մրցում: 35 տարեկան Ռաքիթիչ 100-է աւելի ելոյթ ունեցած էր Խրուաթիոյ ազգային խումբին հետ` 2007-էն 2019, եւ դարձած աշխարհի փոխախոյեան` 2018-ին: