Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սթիւըն Պերկվէյն Պիտի Միանա՞յ Քէյնի

February 1, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պայերն Միւնիխ կապի մէջ մտած է հոլանտացի Սթիւըն Պերկվէյնի հետ` ձեռք ձգելու համար զինք Այաքս Ամսթերտամէն:

Հերի Քէյնի նախկին խմբակից Պերկվէյն (Թոթենհամի հետ) քանի մը օրուան մէջ նկատի առնուեցաւ Պայերնի հաւանական մարզիկներու շարքին մէջ, մանաւանդ որ ֆրանսացի ծայրի յառաջապահ (Ուինկ) Քինկսլի Քոման ծունկի ետեւի կապը վնասեց` շաբաթ օր Աուկսպուրկի դէմ մրցումին:

Նախապէս վիրաւոր Սերժ Կնապրիի միացող Քոման հաւանաբար 2-էն 3 ամիս հեռու մնայ դաշտերէն. Պայերն նեղ վիճակի մատնուեցաւ, որովհետեւ վիրաւորներու ցանկը երկարեցաւ, եւ ձմեռնային փոխանցումներու ժամանակն ալ կը հասնի իր աւարտին:

Քանի մը ամիս առաջ Պրայըն Սարակոսայի կնքած պայմանագրութիւնը (Կրանատայի հետ) ամրան կ՛աւարտի, բայց Պայերն կը փորձէ այս ձմրան փոխանցումներուն ժամանակ փոխհատուցում տալ Կրանատային, աւելի կանուխ ձեռք ձգելու Սարակոսան:

Պերկվէյնի պարագային, քիչ մը դժուար կը թուի Այաքսի համաձայնիլը, մանաւանդ որ խումբին խմբապետը ըլլալով Պերկվէյն շատ կարեւոր դեր ունի Այաքսի հետ, հակառակ անոր որ Պերկվէյն անձամբ կրնայ փափաքիլ վերամիանալ Հերի Քէյնին, որ նախապէս Թոթենհամի հետ խմբակիցներ եղած էին: Քէյն եւ Պերկվէյն 62 մրցումներ կատարած են միասին Թոթենհամի հետ, բայց 2022-ի ամրան ան վերադարձած էր Նետերլանտներ` միանալու Այաքսին:

Եթէ յարմարութիւններ չըլլան եւ Սարակոսային Պերկվէյնի Պայերնին միանալը չամբողջանայ, Պայերն նեղ վիճակի կրնայ մատնուիլ, մանաւանդ որ 13 օր ետք «Չեմփիընզ լիկ»-ը պիտի վերսկսի, իսկ 10 օրէն Պայերն Միւնիխ դժուար ելոյթ մը պիտի ունենայ պարագլուխի դիրքը գրաւող Պայեր Լեւերքուզընի անյաղթ կազմին դէմ:

Պայերնի համակիրները կրկին անգամ իրենց յոյսերը պիտի կապեն անգլիացի Հերի Քէյնի, որ 23 մրցումներու ընթացքին 23 կոլ նշանակած է:

Նախորդը

Լիբանանի Հայ Առաքելական Եկեղեցիներու Այժմու Դպրաց Դասերը Եւ Երգչախումբերը

Յաջորդը

Ռոնալտօ Հաւանաբար Չմասնակցի Ինթեր Մայեմիի Դէմ Մրցումին

RelatedPosts

Նախագահութեամբ Ազգային  Բարերար Ալեքքօ Պէզիքեանի.  ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ա. «Նաւասարդեան»  Մարզախաղերու Հանդիսաւոր Բացում
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահութեամբ Ազգային Բարերար Ալեքքօ Պէզիքեանի. ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ա. «Նաւասարդեան» Մարզախաղերու Հանդիսաւոր Բացում

October 19, 2026
Ծանրաբարձութիւն.  Մարտին Պօղոսեան Եւ Տիգրան Կարապետեան`  Եւրոպայի Փոխախոյեաններ
Մարզական

Ծանրաբարձութիւն. Մարտին Պօղոսեան Եւ Տիգրան Կարապետեան` Եւրոպայի Փոխախոյեաններ

October 19, 2026
Ըմբշամարտ.  Սարգիս Բեգոյեան` Պրոնզէ Մետալակիր
Մարզական

Ըմբշամարտ. Սարգիս Բեգոյեան` Պրոնզէ Մետալակիր

October 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.