Երէկ վերջ գտաւ Աւստրալիոյ թենիսի բաց մրցաշարքը` իտալացի Եանիք Սինըրի յաղթանակով, 3-6, 3-6, 6-4, 6-4 եւ 6-3 արդիւնքով, Տանիլ Մետվետեւի դէմ:
Մետվետեւ, որ առաջին 2 սեթերուն յաղթեց, չկրցաւ ետ մղել իտալացի Սինըրի յառաջխաղացքը, որ կրցաւ յաջորդական 3 սեթ յաղթելով շահիլ կրան շլեմի իր առաջին տիտղոսը` 22 տարեկան հասակին: Թիւ 4 դասուած Սինըր դուրս ձգած էր թիւ 1 Նովաք Ճոքովիչը կիսաւարտականին` 6-1, 6-2, 6-7 եւ 6-3 արդիւնքով: Կիսաւարտականի միւս մրցումին, Մետվետեւ 2 սեթ կորսնցնելէ ետք կրցած էր 3 սեթեր յաղթել եւ դուրս ձգել գերմանացի Ալեքսանտր Զվերեւը:
Աղջկանց աւարտականը վերջ գտաւ պիելոռուս մարզիկ Արինա Սապալենքայի յաղթանակով` 6-3 եւ 6-2 արդիւնքով, Քինուին Ժենկի (Չինաստան) դէմ:
Թիւ 2 Սապալենքա, որ 2023-ին ալ շահած էր այս մրցաշարքը, շատ լաւ խաղարկութիւն ունեցաւ ամբողջ մրցաշարքի ընթացքին: Ան կիսաւարտականին դուրս ձգած էր ամերիկացի Քոքօ Կաֆը, մինչ Ժինկ վերջ դրած էր ուքրանացի Տայանա Եասթրեմսքայի յոյսերուն: