Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Եոքիչ Իր 14-րդ Թրիփըլ Տապըլը Կատարեց

January 31, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ Քոլորատոյի մէջ Տենվըր Նակեթց 113-107 արդիւնքով յաղթական դուրս եկաւ Միլուոքի Պաքսի դէմ մրցումին:

Միլուոքի, որ Տաք Ռիվըրզի հետ (նոր մարզիչ) առաջին մրցումը կը կատարէր, չկրցաւ զսպել անցեալ տարուան աւարտական մրցումի «Էմ. Վի. Փի.»-ն` Նիքոլա Եոքիչը, որ 25 կէտ, 16 ռիպաունտ եւ 12 էսիսթ կատարելով ձեռք ձգեց այս եղանակի իր 14-րդ թրիփըլ տապըլը:

Ժամալ Մարի աւելցուց 35 կէտ Տենվըրի հաշուոյն, եւ ամէնէն կարեւորը` վերջին մասին 8 յաջորդական կէտեր նշանակեց, երբ Տենվըր կէտերով անցաւ Միլուոքիի: Իր 25-րդ տարեշրջանին իբրեւ մարզիչ` Ռիվըրզ պահ մը ձեռքերը կը ծալլէր, պահ մը կը նստէր ձեռքերը ծունկին, կ՛ելլէր ոտքի ձեռքերը մէջքին դրած, աջ ու ձախ կը քալէր, կը ծափէր, կարծիք կ՛առնէր օգնական մարզիչ Ճօ Փրանթիէն, որ նախկին մարզիչ Ատրիան Կրիֆընի ալ օգնականն էր: Կրիֆըն իր պաշտօնէն վտարուած էր, երբ քանի մը պարտութիւններ կրելէ ետք Պաքս պաշտպանողական լուրջ հարցեր ունեցաւ:

Միլուոքիի հսկան` Եաննիս Անթեթուքումփօ, 29 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Պրուք Լոփես (19 կէտ) եւ Տեմիըն Լիլըրտ (18 կէտ) բաւարար ձեւով լաւ չէին:

Թեքսասի մէջ Տալաս 20 հազարէ աւելի համակիրներու ներկայութեան կրցաւ 3-րդ մասին լաւ ձեւով իշխել եւ առաւելութիւն պահել մինչեւ մրցումի աւարտը` պարտութեան մատնելով Օրլանտօ Մեճիքը 131-129 արդիւնքով:

Լուքա Տոնչիչ, որ շաբաթ օր 73 կէտ նշանակած էր, 45 կէտ նշանակեց` ձեռք ձգելով 15 էսիսթ ալ, մինչ Թիմ Հարտըուէյ Ճունիըր աւելցուց 36 կէտ ի նպաստ Տալասի:

Փաուլօ Պանչերօ 36 կէտ նշանակեց ի նպաստ Օրլանտոյի, որ օր մը առաջ Ֆինիքսին յաղթած էր:

Կիսախաղին 16 կէտով ետ մնացած Տալասէն կը բացակայէր Քայրի Ըրվինկ, որ 4-րդ յաջորդական մրցումը ըլլալով կը բացակայէր` բթամատի ցաւէ տառապելուն պատճառով:

Ստորեւ` երէկուան արդիւնքները.

Քլիվլենտ Քեւելիրզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 118-108
Չարլոթ Հորնեթց – Նիւ Եորք Նիքս 92-113
Մայեմի Հիթ – Ֆինիքս Սանզ 105-118
Պրուքլին Նեթց – Եութա Ճեզ 147-114
Պոսթըն Սելթիքս – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 118-112
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 113-118
Օքլահոմա Սիթի Թանտըր – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 101-107
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Սաքրամենթօ Քինկզ 94-103
Հիւսթըն Ռոքեթց – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 135-119
Տալաս Մեւրիքս – Օրլանտօ Մեճիք 131-129
Տենվըր Նակեթց – Միլուոքի Պաքս 113-107
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 130-104

Ստորեւ` Արեւելեան եւ Արեւմտեան լաւագոյն 10 խումբերը.

ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՇՐՋԱՆ ՅԱՂԹ. ՊԱՐՏ.
1.- Պոսթըն Սելթիքս 36 11
2.- Միլուոքի Պաքս 32 15
3.- Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 29 16
4.- Նիւ Եորք Նիքս 30 17
5.- Քլիվլենտ Քեւելիրզ 28 16
6.- Ինտիանա Փէյսըրզ 27 20
7.- Մայեմի Հիթ 24 23
8.- Օրլանտօ Մեճիք 24 23
9.- Շիքակօ Պուլզ 22 25
10.- Պրուքլին Նեթց 19 27
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՇՐՋԱՆ
1.- Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 33 14
2.- Տենվըր Նակեթց 33 15
3.- Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 32 15
4.- Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 30 15
5.- Սաքրամենթօ Քինկզ 27 18
6.- Ֆինիքս Սանզ 27 20
7.- Տալաս Մեւրիքս 26 21
8.- Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 26 21
9.- Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 24 24
10.- Եութա Ճեզ 24 24

 

Նախորդը

Ռաքիթիչ Լքեց Սեւիան` Միանալու Շապապին

Յաջորդը

Վաղը Ռոնալտոյի Նասրը Պիտի Մրցի Մեսսիի Ինթերին Դէմ

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.