 Շաբաթավերջին շարունակուեցան Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին կազմակերպած ճատրակի Լեռնալիբանանի Բ. դասակարգի զտումի մրցումները:

ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ կը մասնակցի այս մրցումներուն, շարունակեց իր փայլուն արդիւնքները:
Անթիլիասի խումբը պարտութեան մատնեց Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլը (5,5-0,5) եւ Ատապ Ուալ Ռիատան (3,5-2,5):
 Դասաւորման մէջ, այժմ ՀՄԸՄ Անթիլիասի խումբը կը գրաւէ Բ. դիրքը: Նոյն պահուն, Պէյրութի Բ. դասակարգի մրցումներուն, ՀՄԸՄ Պէյրութ երկու մրցում կատարեց Աուֆիյաա Ռիատիի եւ Կոլֆ Քլահի դէմ: Ռիատիի հետ հաւասարութիւն (3-3) մը արձանագրելէ ետք, ՀՄԸՄ Պէյրութի խումբը 5-1 արդիւնքով կրցաւ յաղթել Կոլֆ Քլապին` գրաւելով 7-րդ դիրքը: Նշենք, որ յառաջիկայ շաբաթ կը շարունակուին զտումի մրցումները: Յաջողութիւն կը մաղթենք մեր խումբերուն յառաջիկայ մրցումներուն: