Միլուոքի Պաքս երէկ շատ լաւ մրցում մը ունեցաւ, երբ հիւրընկալեց Լոս Անճելըս Քլիփըրզը եւ 7 կէտի առաւելութեամբ յաղթեց նոյնիսկ առանց իր թիւ 1 աստղ Եաննիս Անթեթոքումփոյի:
Տեմիըն Լիլըրտ 41 կէտ նշանակեց Քլիփըրզի դէմ, որ պահ մը 15 կէտի առաւելութիւն ձեռք ձգած էր: Պաքս «Օլ Սթար»-ի մրցումէն ետք յաջորդական 6-րդ մրցումը ըլլալով կը յաղթէր, եւ ըստ Լիլըրտի, խումբը ցոյց կու տայ, թէ իսկական խումբ է եւ անձի չի վստահիր:
«Մրցումէն առաջ ոչ մէկը հարցուց, թէ բացակաները որո՞նք են: Պարզապէս հանդերձարանին մէջ մարզիչը (Տաք Ռիվըրզ) բացատրեց, որ ի՛նչ պէտք է ընենք, որ յաղթենք, եւ այդպէս միայն: Ան չըսաւ, որ Եաննիս բացակայ է, Քրիս (Միտըլթըն) բացակայ է», ըսաւ Լիլըրտ մրցումէն ետք:
Ճէյմս Հարտըն եւ Փոլ Ճորճ 29-ական կէտ նշանակեցին ի նպաստ Քլիփըրզի, որ օր մը 89-88 արդիւնքով յաղթած էր Մինեսոթային: Անոնք մրցումի աւարտին բաւական յոգնած կ՛երեւէին: Քուսայ Լենըրտ 16 կէտ աւելցուց ի նպաստ Քլիփըրզի:
Պաքս 13 կէտով ետ կը մնայ 3-րդ մասի վերջին վայրկեանին, բայց կրցաւ յաղթել վերջին 5 վայրկեաններուն` 23 ընդդէմ 10 կէտեր նշանակելով:
Պապի Փորթիս իր 28 կէտերէն 14-ը նշանակեց 4-րդ մասին եւ ձեռք ձգեց 16 ռիպաունտ: Ան դարձաւ այս տարեշրջանի ամէնէն լաւ պահեստի մարզիկը, որ առնուազն 25 կէտ եւ 15 ռիպաունտ ձեռք կը ձգէ:
Մինիափոլիսի մէջ Ռուտի Կոպեր 25 կէտ եւ 16 ռիպաունտ ձեռք ձգելով արձանագրեց իր 43-րդ տապըլ տապըլը այս եղանակին, մինչ Մայքըլ Քոնլի աւելցուց 19 կէտ եւ 7 էսիսթ` Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզը առաջնորդելով Արեւմտեան շրջանի պարագլուխի դիրք:
Մինեսոթա 119-114 արդիւնքով յաղթեց Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզին: Օքլահոմա Սիթի Թանտըր, որ կը գրաւէր արեւմտեան շրջանի պարագուխի դիրքը, Լոս Անճելըս Լէյքըրզի դէմ պարտութիւն մը կրելով նահանջեց 2-րդ դիրք: Շէյ Կիլճիըս Ալեքսանտր 20 կէտ նշանակեց ի նպաստ Օքլահոմայի, բայց Անթոնի Տէյվիս (24 կէտ եւ 12 ռիպաունտ) եւ Տ՛Անճելօ Ռասըլ (26 կէտ), ինչպէս նաեւ Լըպրոն Ճէյմս (19 կէտ, 11 ռիպաունտ եւ 8 էսիսթ) աւելի դժուար մրցակից էին:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Պրուքլին Նեթց – Մեմֆիս Կրիզլիզ 102-106
Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 119-114
Միլուոքի Պաքս – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 113-106
Եութա Ճեզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 127-115
Սաքրամենթօ Քինկզ – Շիքակօ Պուլզ 109-113
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 116-104


