Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Տապըլ Քիք` 2-1

Մարտ 4, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լեռնալիբանանի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի մրցումները շատ հետաքրքրական եւ բարձր մակարդակի սկսած են ըլլալ:

Մարզիչ Յակոբ Տեմիրճեանի տղոց խումբը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, շատ գեղեցիկ ֆութպոլ ցուցաբերեց շաբաթ օր Պհամտունի «Ամին Ապտելնուր» դաշտին վրայ, ուր կրցաւ 2-1 արդիւնքով շատ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրել:

Մրցումը շատ լաւ ձեւով սկսան մեր տղաքը, որոնք աւելի կեդրոնացած ֆութպոլ կը խաղային` վերջին մրցումներուն նման կանուխ կոլեր չստանալու համար: Ընդհակառակն` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մեր տղաքը իրենք բացին մրցումին հաշիւը, երբ «Տիգօ» ձախ ոտքի ուժգին հարուածով մը գրաւեց Տապըլ Քիքի բերդը` 6-րդ վայրկեանին:

Պէտք է ըսել, որ ֆետերասիոնը առաջին անգամ ըլլալով օգտագործեց ՎԱՐ-ի դրութիւնը` միեւնոյն ժամանակ արգիլելով ուղղակիօրէն սփռել մրցումին վիտէոն:

Մօտաւորապէս 40-րդ վայրկեանին Տապըլ Քիքի յառաջապահը հակայարձակումի մը ընթացքին քիչ մնաց առանձնանար ՀՄԸՄ-ի բերդապահին հետ, որ իր բերդէն դուրս գալով զսպեց մրցակիցին յառաջխաղացքը: Իրաւարարը փենալթի շնորհեց Տապըլ Քիքին, եւ դեղին քարտ մը տուաւ բերդապահ Ահմետ Նասերին (Սայյէտ): Սակայն ստուգելէ ետք ՎԱՐ-ին հետ, իրաւարարը նկատեց, թէ թաքըլը պատահած է քառակուսիէն դուրս, եւ փենալթին չեղեալ նկատեց, ինչպէս նաեւ բերդապահին դեղին քարտը փոխեց… կարմիրով:

Ազատ հարուած կար ի նպաստ մրցակիցին, ինչպէս նաեւ` թիւի առաւելութիւն: Պահեստի բերդապահ Մոհամետ Պաթրաշ դաշտ ներկայացաւ Հասան Զաայթերի փոխարէն: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ սկսաւ խաղալ 4-4-1 խաղաոճով: Յիշեցնենք, որ Էլի Փիլաւճեան կը խաղար աջ կողմի պաշտպանողական գիծին վրայ, վիրաւոր Պազզիին տեղ, եւ շատ լաւ ելոյթ մը ունեցաւ: Ֆութպոլի խումբ մը պէտք ունի Էլի Փիլաւճեանի նման մարզիկի մը, որ կը դիւրացնէ մարզիչին գործը` ունենալով յատուկ կարողութիւն, խաղալու որեւէ դիրքի վրայ: Սանտոս եւ Նայեֆ կեդրոնի պաշտպաններն էին, իսկ Ալեք` ձախ կողմի: Խմբապետ Աւիկ կեդրոնի միջնապահ, Զաայթեր (չփոխարինուած) եւ Տիգօ կեդրոնի միջնապահներ, աջ կողմէն Ալի Ֆահս, իսկ ձախ կողմէն` Սերժ Օսքեան գնդակ կը հասցնէին յառաջապահ Եուսեֆ Համատէի:

Կիսախաղի սուլիչը սուլեց իրաւարարը մօտաւորապէս 59-րդ վայրկեանին` նկատի ունենալով ՎԱՐ-ի ուշացումը եւ շատ ժամանակ անցնելը:

Բ. կիսախաղին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտը, որ 10 մարզիկներով էր խումբի մը դէմ, որ հոյակապ միջնապահ գիծ մը ունէր, աւելի զգուշ խաղ խաղցաւ, վստահաբար մարզիչին թելադրութեամբ: ՀՄԸՄ-ի տղաքը հակայարձակումներու վստահեցան` նոյն պահուն լաւ ձեւով կասեցնելով Տապըլ Քիքի բոլոր յարձակումները:

Մրցումի վերջին 10 վայրկեաններուն, ՀՄԸՄ ձեռք ձգեց ազատ հարուած մը քառակուսիի աջ կողմէն, Ալի Ֆահս ձախ ոտքի ազատ հարուածով մը խբեց մրցակից բերդապահը` նշանակելով ՀՄԸՄ-ի 2-րդ կոլը: Մրցակիցը շատ արագ ինքզինք գտաւ եւ փոխադարձեց 2-1-ի կոլը նշանակելով, ազատ հարուածով մը: Այս կոլէն ետք, Տիգօ, որ շատ լաւ մրցում մը ունեցաւ, կոշտ թաքըլի ենթարկուեցաւ, եւ մրցակից մարզիկը, որ դեղին քարտ ունէր, դաշտէն վտարուեցաւ ստանալով 2-րդ դեղինը: Տիգօ մինչեւ ոտքին մկաններուն պրկուիլը պայքարեցաւ եւ փոխարինուեցաւ Ժան-Փիեռով, մինչ Սերժ փոխարինուեցաւ Մուսաուիով:

Վերջին վայրկեաններուն կոլի առիթներ ունէին Պուրճ Համուտի մեր տղաքը, բայց մրցումը աւարտեցաւ 2-1 արդիւնքով:

Վարձքը կատար ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղոց, որոնք 105-110 վայրկեան պայքարեցան, մոռցան ցաւն ու յոգնութիւնը 3 կէտ շահելու համար, ուրախացնելով համակիրները, որոնք մրցումէ մրցում կ՛աւելնան:

Նախորդը

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ – Լիբանանեան Բանակ 1-2

Յաջորդը

Ֆիտան. «Ռուսիան Եւ Ուքրանիան Հասած Են Այն Սահմանագիծին, Որուն Կարելի Էր Զինուորական Ճամբով Հասնիլ. Բանակցելու Ժամանակն Է»

RelatedPosts

Ալպերթ Ալեքսանեան Հիանալի  Տարեշրջան Մը Բոլորեց Նորվեկիոյ Մէջ
Մարզական

Ալպերթ Ալեքսանեան Հիանալի Տարեշրջան Մը Բոլորեց Նորվեկիոյ Մէջ

Հոկտեմբեր 30, 2025
«Տէ. Էֆ. Պէ. Փոքալ».  Տորթմունտ Դուրս Ձգեց Ֆրանքֆորթը
Մարզական

«Տէ. Էֆ. Պէ. Փոքալ». Տորթմունտ Դուրս Ձգեց Ֆրանքֆորթը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Աղջկանց Ազգերու Լիկա.  Սպանիա – Գերմանիա` Աւարտականին
Մարզական

Աղջկանց Ազգերու Լիկա. Սպանիա – Գերմանիա` Աւարտականին

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?