Երեքշաբթի գիշեր, Միւնիխի «Ալիանց Արենա» դաշտին վրայ, Պայերն Միւնիխ հաւանաբար տարեշրջանի լաւագոյն մրցումներէն մէկը կատարեց` պարտութեան մատնելով Լացիօ Ռոման 3-0 արդիւնքով: Երթին Հռոմի մէջ 1-0 արդիւնքով պարտուած Պայերն մրցումի ազդանշանէն ճնշեց մրցակիցին վրայ, սակայն բերդապահ Իվան Փրովետեզ մնաց անդրդուելի:
Հերի Քէյն 38-րդ վայրկեանին գլխու հարուածով նշանակեց մրցումի առաջին կոլը` օգտուելով Ռաֆայել Կերեիրոյի շեղուած հարուածէն, որմէ անմիջապէս ետք Մուսեալա քիչ մնաց աւելցնէր 2-րդը: Կիսախաղի ազդանշանէն առաջ քոռնըրէ մը ետք գնդակը հասաւ Մաթայս Տը Լիխթի, որուն վոլէն կ՛ուղղուէր դէպի Լացիոյի բերդը, եւ Միւլըր գլխու հարուածով փոխեց անոր ուղղութիւնը` հաստատելով կոլը:
Բ. կիսախաղին, Լացիօ Ռոմա, որ կը փորձէր 24 տարի ետք առաջին անգամ ըլլալով հասնիլ քառորդ աւարտական, չկրցաւ առիթ ստեղծել, որովհետեւ Պայերն կը շարունակէր իր յառաջխաղացքը: 66-րդ վայրկեանին, Լիրոյ Սանէի զօրաւոր հարուածը հազիւ զսպած Լացիոյի բերդապահը, գնդակը հասաւ Քէյնի, որ դիւրութեամբ զայն զետեղեց իտալական ակումբի բերդին մէջ` նշանակելով իր ասպարէզի 27-րդ կոլը` «Չեմփիընզ լիկ»-ին մէջ:
Այս յաղթանակը քիչ մը կը հանգստացնէ մարզիչ Թոմաս Թուխելը, որ այս ամրան կը լքէ Պայերնը երկու կողմերու համաձայնութեամբ: Անշուշտ խումբն ալ քիչ մը շունչ առաւ վերջին 5 մրցումներուն առաջին յաղթանակը արձանագրելով: Պայերն այժմ «Պունտըսլիկա»-ի դասաւորման մէջ 10 կէտով ետ կը մնայ առաջին դիրքը գրաւող Պայեր Լեւերքուզընէն:
«Ամբողջական գիշեր մըն էր մեզի համար: Մեծ մրցում մըն էր», ըսաւ Քէյն, որ մրցումի լաւագոյն մարզիկ ընտրուեցաւ` նշանակելով Պայերնի հետ իր 6-րդ կոլը այս տարուան «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցումներուն: «Առաջին մրցումին 1-0 արդիւնքով պարտուած, վստահ շատ լաւ առիթ էր մեր տարեշրջանը տարբեր ուղղութեան փոխելու: Անշուշտ գիտէինք, որ պէտք էր բարելաւէինք մեր խաղարկութիւնը, բայց այսպիսի գիշերներ կրնան ամբողջ եղանակը փոխել: Շատ հպարտ եմ մեր տղոցմով, եւ պէտք է շարունակենք մեր թափը», աւելցուց Քէյն:
Միւլըր կրնար երկրորդ կոլ մըն ալ նշանակել (71-րդ վայրկեանին), սակայն բերդապահ Փրովետել զսպեց անոր ուժգին հարուածը, որ դպնալէ ետք բերդի ձախ սիւնին, ետ մղուեցաւ: Այս ձեւով Պայերն վերջին 13 եղանակներուն 12-րդ անգամ ըլլալով հասաւ քառորդ աւարտականին:
Սան Սեպասթիանի մէջ (Սպանիա) Ռէալ Սոսիետատ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Ֆրանսայի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենը, որ 2-1 արդիւնքով յաղթական դուրս եկաւ:
Քիլիան Էմպափէ ամէն կիսախաղի մէկական կոլ նշանակեց: Մրցումէն ետք ան յայտնեց, որ մարզիչ Լուիս Էնրիքէի հետ ոչ մէկ հարց ունի: «Շատ հարցեր ունիմ, բայց մարզիչը այդ հարցերուն հետ կապ չունի», յայտնեց ան: Վերջին մրցումներուն Էմպափէ կա՛մ շուտ կը փոխարինուէր, կա՛մ ալ պահեստին մարզիկներու կողքին նստելով դաշտ կը ներկայանար Բ. կիսախաղին: Մարզիչ Էնպիքէ յայտնեց, որ Էմպափէ պիտի լքէ խումբը, եւ պէտք է խումբը այդ հիման վրայ պատրաստել ապագայի մասին ալ մտածելով: Էմպափէ իր 11-րդ կոլը նշանակեց փարիզեան կազմին հետ, որ 15 կոլ նշանակած է նաք-աութ հանգրուանին:


