Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.». Լըպրոն Ճէյմս 40 Հազար Կէտերու Սահմանը Անցաւ` Պատմութիւն Կերտելով

Մարտ 4, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթավերջին «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմական մարզիկներէն Լըպրոն Ճէյմս դարձաւ առաջին մարզիկը, որ 40 հազար կէտերու սահմանը կ՛անցնի, երբ իր խումբը` Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 124-114 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Տենվըր Նակեթցին Լոս Անճելըսի Քրիփթօ Արենային մէջ: Արդարեւ, մօտ 19 հազար համակիրներու ներկայութեան, Լըպրոն Ճէյմս երկրորդ մասին Մայքըլ Փորթըրի քովէն անցնելէ ետք հասաւ 40 հազար կէտի սահմանին:

Լէյքըրզ, որ լաւ ձեւով սկսած էր մրցումը, չկրցաւ դիմանալ վերջին մասին, Նիքոլա Եոքիչի եւ ընկերներու յարձակումներուն դիմաց:

Եոքիչ 35 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Աարոն Կորտընի 3 կէտերը պատճառ դարձան, որ Տենվըր վերջին 4 վայրկեաններուն հաստատէ իր յաղթանակը եւ գրեթէ անհասանելի դարձնէ արդիւնքը:

Մայքըլ Փորթըր Ճունիըր իր կարգին մրցանիշ մը ձեռք ձգեց` դառնալով պատմութեան միակ անսխալ մարզիկը, որ 100 տոկոսով նշանակած է 5 յաջող կողով 2 կէտի եւ 5 յաջող 3 կէտնոց կողովներ: Ան 25 կէտերու կողքին ձեռք ձգեց նաեւ 10 ռիպաունտ, 4 էսիսթ, 1 սթիլ եւ 1 պլոք:

Ճամալ Մարի 24 կէտ եւ 11 էսիսթ կատարեց ի նպաստ Տենվըրի: Նշենք, որ Լըպրոն Ճէյմս 26 կէտ նշանակեց եւ 9 էսիսթ կատարեց ի նպաստ Լէյքըրզի, որ իր 29-րդ պարտութիւնը կրեց: Մայեմի Հիթ 126-120 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Եութա Ճեզը: Ճիմի Պաթլըր 37 կէտ եւ 7 էսիսթ կատարեց ի նպաստ Մայեմիի:

Օր մը առաջ (շաբաթ առաւօտ), Պոսթըն Սելթիքս խմբային խաղով կրցած էր պարտութեան մատնել Տալաս Մեւրիքսը` 138-110 արդիւնքով:

Լուքա Տոնչիչի թրիփըլ-տապըլը բաւարար չէր (37 կէտ, 12 ռիպաունտ, 11 էսիսթ), որ Տալաս դիմադրէ խմբային խաղով հռչակաւոր Պոսթընը: Ճէյսըն Թէյթըմ (32 կէտ), Ճէյլըն Պրաուն (25 կէտ), Քրիսթափս Փորզինկիս (24 կէտ), Տերեք Ուայթ (13 կէտ), Ալ Հորֆըրտ (12 կէտ), Ճրու Հոլիտէյ (11 կէտ) եւ Փէյթըն Փրիչըրտ (10 կէտ) շատ լաւ ելոյթ մը ունեցան Սելթիքսի տարազով:

Միլուոքի Պաքսի «յոյն հսկան» (կրիք տը ֆրիք) Եաննիս Անթեթոքումփօ 46 կէտ եւ 16 ռիպաունտ ձեռք ձգեց` իր խումբը առաջնորդելով 40-րդ յաղթանակի 61 մրցումներու ընթացքին: Այս անգամ Պաքսի մրցակիցը Շիքակօ Պուլզն էր, որուն սենթըր Նիքոլա Վուչեւիչ 17 կէտ եւ 9 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:

Ստորեւ` շաբաթավերջի արդիւնքները.

Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Չարլոթ Հորնեթց 121-114
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Քլիւլենտ Քեւելիրզ 100-110
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 105-120
Պոսթըն Սելթիքս – Տալաս Մեւրիքս 138-110
Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ – Ինտիանա Փէյսըրզ 129-102
Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ – Սաքրամենթօ Քինկզ 120-124
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 92-122
Շիքակօ Պուլզ – Միլուոքի Պաքս 97-113
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 140-115

Երէկ

Պրուքլին Նեթց – Աթլանթա Հոքս 114-102
Մայեմի Հիթ – Եութա Ճեզ 126-120
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 100-107
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Տենվըր Նակեթց 114-124
Ֆէօնիքս Սանզ – Հիւսթըն Ռոքեթց 109-118

 

 

Նախորդը

Աթլեթիզմ. Ֆեմքէ Պոլ Իր Մրցանիշը Բարելաւեց

Յաջորդը

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ – Լիբանանեան Բանակ 1-2

RelatedPosts

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն.  «Ռան Տը Սիթի» Մրցումը` 7 Սեպտեմբերին
Մարզական

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն. «Ռան Տը Սիթի» Մրցումը` 7 Սեպտեմբերին

Օգոստոս 19, 2025
Պասքեթպոլ.  Աւստրալիա` Ասիոյ Ախոյեան
Մարզական

Պասքեթպոլ. Աւստրալիա` Ասիոյ Ախոյեան

Օգոստոս 19, 2025
Լիկ 1.  Փարիզ Սեն Ժերմեն Յաղթանակով Սկսաւ
Մարզական

Լիկ 1. Փարիզ Սեն Ժերմեն Յաղթանակով Սկսաւ

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?