Երէկ Նիոնի մէջ (Զուիցերիա) տեղի ունեցաւ 2025-ի աղջկանց Եւրոպայի ախոյեանութեան զտումի մրցումներու վիճակաձգութիւնը:
Եւրոպայի ախոյեան Անգլիա դժուար խմբակի մէջ կը գտնուի` իր դէմ ունենալով Ֆրանսան, Շուէտը եւ Իրլանտան:
Անգլիա 2022-ին շահած էր Եուրոն (Անգլիոյ մէջ) եւ հասած էր մոնտիալի աւարտականին անցեալ տարի, մինչ Շուէտ կիսաւարտականին հասած էր, իսկ Ֆրանսա` քառորդ աւարտականին:
Աշխարհի ախոյեան Սպանիա իր խմբակին մէջ ունի Դանիան, Պելճիքան եւ Չեխիան: Սպանիա անցեալ շաբաթ շահած էր նաեւ աղջկանց ազգային խումբերու լիկան:
Գերմանիա, որ 2022-ին Եուրոյի աւարտական հասած էր, պիտի մրցի Աւստրիոյ, Իսլանտայի եւ Լեհաստանի դէմ, նոյն խմբակին մէջ: Զտումի մրցումները պիտի սկսին 4 շաբաթէն եւ աւարտին յուլիսին:
Նետերլանտներ իրենց խմբակին մէջ ունին Իտալիան, Նորվեկիան եւ Ֆինլանտան: Ա. կարգի առաջին 2 դիրքերը գրաւող խումբերը պիտի հասնին 16 հոգինոց մրցաշարքին, որ տեղի կ՛ունենայ յառաջիկայ տարի, Զուիցերիոյ մէջ: Այդ 8 խումբերը ուղղակիօրէն կը մասնակցին մրցաշարքին (Եուրոյին):
7 այլ թեկնածուներ պիտի միանան զտուելով 2 հանգրուաններէ եւ փլէյ-օֆէ յաղթական դուրս եկած, 23 հոկտեմբերէն 3 դեկտեմբեր:
Բ. կարգի խմբակները որոշուեցան նաեւ երէկ, եւ հիւրընկալ Զուիցերիա Հունգարիոյ, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ նոյն խմբակին մաս կը կազմեն, հակառակ անոր որ իբրեւ հիւրընկալ ան ինքնաբերաբար պիտի մասնակցի Եուրօ 2025-ին:


