 Այսօր ժամը 21:45-ին, Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ-ի մեր տղաքը պիտի հիւրընկալեն ախոյեան Ռիատին:
Այսօր ժամը 21:45-ին, Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ-ի մեր տղաքը պիտի հիւրընկալեն ախոյեան Ռիատին:
ՀՄԸՄ-ի համակիրները պիտի վերադառնան դաշտ` յոյսով, որ «զուսպ» ձեւով, մանաւանդ որ խումբը շատ աւելի «հանգիստ ջիղերով» խաղցաւ վերջին մրցումներուն, երբ 14 տարեկանէն վար պատանի համակիրներ գեղեցիկ մթնոլորտ ստեղծած էին դաշտը` իրենց վրայ կեդրոնացնելով տեղական բոլոր լրատուամիջոցներուն ուշադրութիւնը:
Կրնանք ցոյց տալ, որ համակիրներուն նպատակը խումբին քաջալերելն է, որուն լոյսին տակ տղաքը գեղեցիկ ոճով, ոգեւորուած եւ յաւելեալ պայքարով կը խաղան մրցակիցի մը դէմ, որ լիբանանեան պասքեթպոլի ամէնէն լաւ խմբային պասքեթպոլ խաղցող մրցակիցն է:
Ռիատի իր վերջին պարտութիւնը կրած էր անցեալ 29 նոյեմբերին, Մանարայի դաշտին վրայ` ՀՄԸՄ-ի մեր տղոցմէ (97-98) եւ այսօր մեր տղաքը պիտի փորձեն կրկնել այդ յաղթանակը: Այսօր ՀՄԸՄ դաշտ պիտի ներկայացնէ նոր օտար մարզիկ մը` Փրինս Իպեհ, որ 29 տարեկան 2,08 մեթր լաւ սենթըր մըն է եւ եղած է Զեք Լոֆթընի խմբակիցը ֆիլիփինեան Մերալքօ Պոլթս խումբին հետ` անցեալ տարեշրջանին: Լոնտոնի մէջ ծնած Իպեհ 2021-ին մաս կազմեց Ռուանտայի ազգային խումբին, որ Աֆրոպասքեթ 2021-ին զտումի մրցումներու մասնակցեցաւ:
Յուսանք, որ ՀՄԸՄ-ի տղաքը լաւ վիճակի մէջ կ՛ըլլան եւ համակիրներու քաջալերանքէն օգտուելով ձեռք կը ձգեն այս եղանակի 10-րդ յաղթանակը: Ռիատի, որ միայն 2 պարտութիւն կրած է (Անթունիէէն եւ ՀՄԸՄ-էն), ինչպէս ըսինք ամբողջական խումբն է միջին հաշուով 10 մարզիկ դաշտ կը ներկայացնէ:
Համակիրներէն կը սպասուի ոչ միայն լեցնել դաշտը, այլ նաեւ դրական մթնոլորտ ստեղծել ամբողջ 40 վայրկեան (եթէ անշուշտ մրցումը չերկարաձգուի)` տղաքը քաջալերելով եւ դառնալով 6-րդ մարզիկը` ձեռք բերելու շատ կարեւոր յաղթանակ մը:
 
			

