Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.». Սելթիքս Մեծ Տարբերութեամբ Յաղթեց Ուորիըրզի

March 5, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պոսթընի Թի. Տի. Կարտընը երէկ ականատես եղաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան 3-րդ մեծագոյն յաղթանակին, ուր տեղւոյն Սելթիքս 140-88 արդիւնքով կրցաւ գերազանցել Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզը:

Սելթիքս այս տարեշրջանի 3-րդ յաղթանակը արձանագրեց 50 կէտէ աւելի տարբերութեամբ արձանագրելով իր յաջորդական 11-րդ յաղթանակը: Կոլտըն Սթէյթ, վերջին 13 մրցումներէն 11-ը յաղթած էր շատ վատ օր մը անցուց, եւ Սթեֆըն Քըրի 2-րդ կիսախաղին դաշտ չներկայացաւ, երբ արդէն տարբերութիւնը 44 կէտ էր: Քըրի 4 կէտ նշանակեց եւ ոտքի ցաւ ունենալով դուրսէն դիտեց մրցումը. ան 9 ձախող 3 կէտի կողովներ փորձեց նշանակել: Ուորիըրզի առաջին 5 մարզիկներէն ոչ մէկը 20 վայրկեանէն աւելի խաղցաւ, մանաւանդ որ մրցումը աւարտած էր առաջին կիսախաղէն իսկ: Պահ մը տարբերութիւնը 56 կէտի ալ հասաւ: Ճէյլըն Պրաուն 29 կէտ նշանակեց, Ճէյսըն Թէյթըմ` 2-7 կէտ, Փէյթըն Փրիչըրտ` (19 կէտ), իսկ Տերեք Ուայթ` (14 կէտ եւ 8 էսիսթ):

Ամերիքըն Էրլայնզ Սենթըրի մէջ Տալաս 120-116 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ֆիլատելֆիա-76-ըրզէն, որ 14-րդ մրցումը ըլլալով առանց Ժոել Էմպերի կը խաղար (ծունկի գործողութիւն):

Թոպայաս Հերիս (28 կէտ) եւ Թայրիս Մեքսի (24 կէտ) եղան Ֆիլատելֆիայի աստղերը, որոնք յաջորդական 2-րդ մրցումը կը յաղթէին:

Տալաս Մեւրիքս լաւ ելոյթ մը ունեցաւ, բայց 17 թըրն օվըր ընելով չկրցաւ յաղթական դուրս գալ: Լուքա Տոնչիչ 38 կէտ, 11 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ կատարեց, բայց նոյն պահուն 7 թըրնօվըր կատարեց: Անոր թրիփըլ տապըլը յաջորդական 3-րդն էր վերջին 3 մրցումներուն եւ եղանակի 13-րդը: Տոնչիչ 14-րդ թեքնիքըլ ֆաուլը ստացաւ ֆաուլ մը պահանջելու ժամանակ եւ 15-րդ թեքնիքըլ ֆաուլը ինքնաբերաբար զինք 1 մրցումով կը կախակայէ:

Քայրի Ըրվինկ 28 կէտ նշանակեց, մինչ Տերեք Ճոնզ աւելցաւ 21 կէտ ի նպաստ Տալասի, որ Արեւմտեան շրջանի 8-րդ դիրքը կը գրաւէ:

Մինիափոլիսի մէջ Քուայ Լենըտր եւ Լոս Անճելըս Քլիփըրզ շատ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեցին Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզի դաշտին վրայ, ֆիզիքական պաշտպանողական մրցումէ մը ետք, 89-88 արդիւնքով:

Քուայ Լենըրտ 32 կէտ նշանակեց, Նորմըն Փաուըլ` 24 կէտ, իսկ Փոլ Ճորճ` 15 կէտ ի նպաստ Քլիփըրզի, որ հաստատ մնաց 4-րդ դիրքին վրայ` պարտութեան մատնելով առաջին դիրքը գրաւող Մինեսոթան:

Քլիփըրզ խաղցաւ առանց Ռասըլ Ուեսթպրուքի, որ ձախ ձեռքը կոտրած էր վերջին մրցումին, մինչ Իվիքա Զուպաք 2 մրցում բացակայելէ ետք վերադարձած էր:

«Օլտ Սքուլ խաղ էր… 1985-ի մրցում», ըսաւ Քլիփըրզի մարզիչ Թայրոն Լու` աւելցնելով. «Բայց մեր տղոց պաշտպանած եւ պայքարած կերպը շատ սիրեցի»:

«Ֆիզիքական խաղ էր շատ: Կարծեմ շատ բռնել-քաշել-հրել եղաւ, կարծես փլէյ օֆի խաղ էր», ըսաւ Ռուտի Կոպեր (Մինեսոթա): «Շատ լաւ ձեւով սկսանք մրցումը, բայց ժամանակի ընթացքին դժուարացաւ մեր նպատակին հասնելու ձգտումը»:

Կոպեր 12 կէտ եւ 16 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:

Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 118-110 արդիւնքով կրցաւ յաղթել Ֆինիքս Սանզի դաշտին վրայ: Շէյ – Կելճիըս Ալեքսանտր 35 կէտ, 9 էսիսթ եւ 8 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Թանտըրի, որ Մինեսոթայի վրայ կը ճնշէ արեւմտեան շրջանի պարագլուխի դիրքը խլելու: Եուսուֆ Նորքիչ 14 կէտ եւ 31 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Ֆինիքսի, որ 21 թըրն օվըր կատարեց:

Ստորեւ` երէկուան արդիւնքները.

Քլիվլենտ Քեւելիրզ – Նիւ Եորք Նիքս 98-107
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Ինտիանա Փէյսըրզ 117-105
Ֆենիքս Սանզ – Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 110-118
Օրլանտօ Մեճիք – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 113-91
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Չարլոթ Հորնեթց 111-106
Պոսթըն Սելթիքս – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 140-88
Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 88-89
Տալաս Մեւրիքս – Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 116-120

 

 

Նախորդը

«Չեմփիընզ Լիկ». Պայերն Լրջօրէն Վտանգուած Է Դուրս Մնալու` Լացիոյի Դէմ

Յաջորդը

Պասքեթպոլ. Ռիատի Շահեցաւ Աղջկանց Ախոյեանութիւնը

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Ռիատի Յաղթանակով Սկսաւ  Ուասլի «Ֆայնըլ 8»-ը
Մարզական

Պասքեթպոլ. Ռիատի Յաղթանակով Սկսաւ Ուասլի «Ֆայնըլ 8»-ը

September 28, 2026
Ճատրակ.  Հայաստան Յաղթեց Ազրպէյճանին, Բայց Պարտուեցաւ Ուզպեքիստանէն
Մարզական

Ճատրակ. Հայաստան Յաղթեց Ազրպէյճանին, Բայց Պարտուեցաւ Ուզպեքիստանէն

September 28, 2026
«Էմ.Էմ.Էյ.» Սպարտակ Միքայէլեանի Երրորդ Նաք-Աութը. Հայ Մարտիկներ 11 Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Մարզական

«Էմ.Էմ.Էյ.» Սպարտակ Միքայէլեանի Երրորդ Նաք-Աութը. Հայ Մարտիկներ 11 Յաղթանակներ Արձանագրեցին

September 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.