Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Չեմփիընզ Լիկ». Պայերն Լրջօրէն Վտանգուած Է Դուրս Մնալու` Լացիոյի Դէմ

March 5, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսօր կը սկսին «Եու. Էֆ. Ա.»-ի «Չեմփիընզ լիկ»-ի դարձի մրցումները: Միւնիխի մէջ Գերմանիոյ ախոյեան Պայերն Միւնիխ, որ լաւ օրերու մէջ չէ եւ 11 յաջորդական տարիներ Գերմանիոյ ախոյեանութիւնը շահելէ ետք այս տարի 10 կէտով ետ կը մնայ պարագլուխի դիրքը գրաւող Պայեր Լեւերքուզընէն, այսօր վտանգուած է նոյնիսկ «Չեմփիընզ լիկ»-էն դուրս մնալու: Լացիօ Ռոման Իտալիոյ մէջ 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր, իսկ Պայերն ներքին հարցեր ունի, մարզիչ-մարզիկ շատ հարցեր կան, բան մը, որ դաշտին վրայ արդէն յստակ է: Լացիոն շատ լաւ խումբ մը չէ, բայց Պայերն, որ թուղթի վրայ շատ աւելի լաւ խումբ մըն է եւ անհատներ ունի, դաշտին վրայ այլ բան մըն է: Մարզիչ Թոմաս Թուխել տարեշրջանի աւարտին պիտի լքէ Միւնիխը, բայց արդեօք ան կը կարենա՞յ ամէն բան շտկելով լաւ արդիւնք ձեռք ձգել առնուազն «Չեմփիընզ լիկ»-ին մէջ, այս գիշեր կը յստականայ:

Երթին Ուփամեքանօ կարմիր քարտ ստացած էր եւ փենալթիի պատճառ դարձած, որուն շնորհիւ Լացիօ կոլ նշանակած էր, բայց Պայերնի հարցը ո՛չ պաշտպանի հարց է, ո՛չ ալ անհատի: Կան մարզիկեր, որոնք կը նախընտրեն լքել խումբը` մարզիչին հետ անհամաձայն ըլլալով, ինչպէս` Եոշուա Քիմիչ, Մաթայս տը Լիխթ, Ալֆոնսօ Տէյվիս եւ վերջերս Ժամալ Մուսիալա: Միակ բանը, որ կրնայ փոխել մթնոլորտը, յաղթանակ մըն է այսօրուան պարագային, եւ նոր մարզիչի անուն մը` տարեշրջանի աւարտին, որ շատ գործ ունի ընելիք համոզելով կամ լուծում գտնելով մարզիկներուն հետ հաշտ ըլլալով:

Միւս կողմէ, Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ իր կարգին Քելեան Էմպափէի հարցը ունի, Սպանիոյ մէջ պիտի մրցի Ռէալ Սոսիետատի դէմ: Երթին Փարիզի մէջ 2-0 արդիւնքով յաղթական Սեն Ժերմեն համեմատաբար աւելի հանգիստ մրցում մը ունի կատարելիք:

Վաղը Ռէալ Մատրիտ պիտի հիւրընկալէ Գերմանիոյ, Լայփցիկը, որ իր դաշտին վրայ երթին 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր Սպանիոյ «հսկայէն»:

Անցեալ տարուան ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի, որ կը նկատուի ամէնէն ամբողջական խումբը, պիտի հիւրընկալէ (վաղը) Քոփենհակընը: Երթին, Դանիոյ մէջ, Սիթի 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր եւ արդէն իսկ գրեթէ ապահոված քառորդ աւարտականի իր տոմսը:

Նախորդը

Ճոքովիչ Մնաց Առաջին Խաչանով` 15-րդ

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.». Սելթիքս Մեծ Տարբերութեամբ Յաղթեց Ուորիըրզի

RelatedPosts

ՀՄԸՄ-ի «Նաւասարդեան» Խաղեր.  Այսօր Կը Սկսին Ֆութպոլի Մրցումները
Մարզական

ՀՄԸՄ-ի «Նաւասարդեան» Խաղեր. Այսօր Կը Սկսին Ֆութպոլի Մրցումները

October 17, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Արարատ Արմենիա Պարտուեցաւ Լեհաստանի Մէջ
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Արարատ Արմենիա Պարտուեցաւ Լեհաստանի Մէջ

October 17, 2026
Նիկիտա Սիմոնեանը` Մոռցուա՞ծ…
Մարզական

Նիկիտա Սիմոնեանը` Մոռցուա՞ծ…

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.