Լիբանանի Դ. դասակարգի Պէյրութի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն, ՀՄԸՄ Պէյրութ շատ գեղեցիկ մրցումէ մը ետք 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Լիբանանեան բանակէն:
Արդարեւ, գեղեցիկ պայքարի մրցումէ մը ետք, ՀՄԸՄ Պէյրութի տղաքը, որ հակայարձակողական ուսումնասիրուած ֆութպոլ կը խաղային, 1-0 արդիւնքով յառաջացան շնորհիւ Հասան Ժաուատի կոչին:
Բ. կիսախաղին Լիբանանեան բանակը, որ կը պայքարի գրաւելու պարագլուխի դիրքը, կրցաւ հաւասարիլ, եւ մեր տղոց համար առիթ ստեղծուեցաւ 2-րդ կոլ մը նշանակելու, սակայն մեր յառաջապահը բերդապահին ուղղութեամբ հարուածեց` կորսնցնելով «ոսկի» առիթ մը:
Այս կոլէն ետք մրցակիցը կրցաւ կոլ մը եւս նշանակել, հակառակ անոր որ ՀՄԸՄ Պէյրութի տղաքը շատ լաւ ձեւով կը պաշտպանէին:
Պէտք է ըսել, որ այս մրցումը մեր տղոց լաւագոյնն էր այս տարեշրջանին, եւ ըստ երեւոյթին մարզիկները սկսած են աւելի հասկնալ իրար, եւ այս ընթացքով յառաջիկայ մրցումներուն` Նօ Լիմիթցի, Տինամօ Պէյրութի եւ Նուժում Պէյրութի դէմ կրնանք յաղթանակներ արձանագրել:
Երէկ ՀՄԸՄ Պէյրութի մեր տղաքը փաստեցին, որ դիւրին խումբ մը չեն, եւ որեւէ մրցակիցի դէմ կրնան պայքարիլ նոյնիսկ եթէ մեր խմբակիցը ըլլայ աւելի փորձառու կամ զօրաւոր: