Շաբաթ օր Կլասքոյի մէջ աթլեթիզմի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն 400 մեթր աղջկանց վազքի մրցումներուն Ֆեմքէ Պոլ (Նետերլանտներ) իր նախկին մրցանիշը (49.24 երկվայրկեան) բարելաւեց` արձանագրելով 49,17 երկվայրկեան:
24 տարեկան Պոլ անցեալ տարի 400 մեթր արգելարշաւի, ինչպէս նաեւ 4×400 մեթր դրօշարշաւի ախոյեանութեան ոսկի մետալներ շահած էր Պուտափեշթի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն:


