Այս կիրակի, յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին, Պհամտունի «Ամին Ապտել Նուր» համալիրի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ ճակատագրական մրցում մը պիտի ունենայ Ռապիթաթ Ուարտանիէի դէմ, մրցում մը, որ պիտի վճռէ Լեռնալիբանանի ախոյեանը: Այս տարուան ամբողջ աշխատանքին նպատակը այս կիրակի օրուան մրցումէն ետք կը վճռուի, երբ ՀՄԸՄ դառնայ Լեռնալիբանանի ախոյեան:
ՀՄԸՄ-ի տղաքը պէտք է մոռնան վերջին մրցումը եւ կեդրոնանան այս կիրակի օրուան մրցումին վրայ` գիտնալով, որ մրցակից Ռապիթաթ Ուարտանիէ խումբն ալ յաղթելու համար դաշտ պիտի ներկայանայ` գրաւելու համար 3-րդ դիրքը, միանալով ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի եւ Տապըլ Քիքի, որոնք արդէն իսկ աւարտական հանգրուանի իրենց տոմսերը շահած են:
Ստորեւ` 9-րդ եւ վերջին շաբթուան մրցումներու յայտագիրը.
ՎԱՂԸ
Հիլալ Նասր – Սաֆա Շուիթ (ժամը 15:00-ին, Պհամտունի մէջ)
ԿԻՐԱԿԻ ՕՐ
Ուահտէ Շուֆ – Ռաուտա Տըքուանէ (ժամը 10:00-ին, Մապարրայի դաշտ)
Ռիատի Արամուն – Ահլի Սարպա (ժամը 12:00-ին, Մապարրայի դաշտ)
Ռապիթաթ Ուարտանիէ – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ (ժամը 15:30-ին, Պհամտունի դաշտ)
Տապըլ Քիք – Սեպլին Ռիատի (ժամը 15:30-ին, Անսարի դաշտ)