 Ժոել Էմպիետ 4 ազատ հարուածներ նշանակեց վերջին 40 երկվայրկեաններուն եւ մրցումը աւարտեց 24 կէտով, 9 շաբաթ բացակայելէ ետք` ծունկի գործողութեան պատճառով, իր խումբը առաջնորդելով յաղթանակի:
Ժոել Էմպիետ 4 ազատ հարուածներ նշանակեց վերջին 40 երկվայրկեաններուն եւ մրցումը աւարտեց 24 կէտով, 9 շաբաթ բացակայելէ ետք` ծունկի գործողութեան պատճառով, իր խումբը առաջնորդելով յաղթանակի:
Արդարեւ, Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 109-105 արդիւնքով կրցաւ յաղթել Օքլահոմա Սիթի Թանտըրին, մինչ Էմպիիտի վերադարձը իր խմբակիցները աւելի ինքնավստահ դարձուց: Էմպիիտ 7 էսիսթ եւ 6 ռիպաունտ ձեռք ձգեց մօտ 30 վայրկեանի ընթացքին:
«Կարծեմ լաւ չէի… Բայց հասկնալի է: Ընդհանրապէս այսպիսի բաներէ երբ վերադառնամ, 30, 40 (կէտ) ինչ որ պէտք է յաղթելու համար, լաւ կ՛ըլլայ: Այս անգամ, տարբեր էր: Քիչ մը ժամանակ կ՛ուզէ ինքզինք գտնելու եւ ինքզինքս աւելի ինքնավստահ զգալու: Բայց այնքան ատեն որ կը յաղթենք, թերեւս իմ ներկայութիւնս պաշտպանողական գետնի վրայ կ՛օգնէ:
Չեթ Հոլմկրեն 22 կէտ նշանակեց ի նպաստ Թանտըրի, որ մէկ մրցում ետ մնաց Տենվըրէն` Արեւմտեան շրջանի պարագլուխի դիրքէն: Մենեսոթա հաւասարեցաւ Օքլահոմա Սիթիի:
76-ըրզ 11 կէտով ետ կը մնար մրցումի աւարտէն 7 վայրկեան առաջ, բայց Քելլի Ուպրէ 3 կէտնոց կողով մը նշանակեց, ինչպէս նաեւ Էմպիիտ ոչ մէկ ազատ հարուած կորսնցուց իր շահած ֆաուլերէն:
Անցեալ տարուան ախոյեան Տենվըր Նակեթց 110-105 արդիւնքով դժուար յաղթանակ մը տարաւ Սան Անթոնիօ Սփըրզի վրայ:
Նիքոլա Եոքիչ 42 կէտ նշանակեց` գերազանցելով մրցակից սենթըր ֆրանսացի ռուքի Վիքթոր Ուեմպանեաման:
Եոքիչ 16 ռիպաունտ ալ ձեռք ձգեց եւ կատարեց 6 էսիսթ: Ուեմպի 23 կէտ, 15 ռիպաունտ, 8 էսիսթ եւ 9 պլոք կատարեց: Եոքիչի 3 կողովները տանքով էին, բան մը, որ ստիպուած զգաց: «Կարծես 600 պլոք կատարեց, բայց մենք յաղթեցինք» ըսաւ Եոքիչ, որուն խումբը վերագրաւեց Արեւմտեան շրջանի պարագլուխի դիրքը:
Այլ հետաքրքրական մրցումի մը, Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 117-113 արդիւնքով անակնկալ յաղթանակ մը արձանագրեց Միլուոքի Պաքսի վրայ:
Քորի Քիսփերթ 27 կէտ եւ Տենի Աւտիճա 23 կէտ նշանակեցին` յաղթանակ արձանագրելով Եաննիս Տանթեթոքումփոյի խումբին դէմ, հակառակ որ այս վերջինս մինչեւ 3-րդ մաս արդէն իսկ թրիփըլ տապըլ իրագործած էր: Անթեթոքումփօ մրցումը աւարտեց 35 կէտով, 15 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթով:
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 128-111 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Թորոնթօ Ռեփթըրզը, վերջինիս դաշտին վրայ: Լըպրոն Ճէյմս 23 կէտ եւ 9 էսիսթ կատարեց ի նպաստ Լէյքըրզի, որ ամէն ինչ կը փորձէ հասնելու փլէյ օֆի մրցումներուն:
Լէյքըրզի մրցակիցներէն` Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ կրցաւ 4 կէտի առաւելութեամբ յաղթել Տալաս Մեւրիքսին` արձանագրելով յաջորդական իր 5-րդ յաղթանակը:
Այս մրցումը յետաձգուած էր 18 յունուարէն, երբ Ուորիըրզի օգնական մարզիչը մահացած էր:
Լուքաս Տոնշիչ (30 կէտ, 12 ռիպաունտ եւ 11 էսիսթ) եւ Քայրի Ըրվինկ (27 կէտ) իրենց կարելին ըրին, սակայն Սթիեֆըն Քըրիի (13 կէտ, 7 էսիսթ, 7 ռիպաունտ) Էնտրու Ուիկընզ (23 կէտ) Քլէյ Թոմփսըն (14 կէտ) եւ Տրէյմընտ Կրին (11 կէտ, 8 ռիպաունտ) խմբային խաղով կրցան տիրանալ վերջնական յաղթանակին:
Ստորեւ երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.-
Մայեմի Հիթ – Նիւ Եորք Նիքս 109-99
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 111-128
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Միլուոքի Պաքս 117-113
Մենեսոթա Թիմպըրվուլվզ – Հիւսթըն Ռոքեթց 113-106
Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 109-105
Եութա ճեզ – Քլիվլենտ Քեւելիրզ 113-129
Տենվըր Նակեթց – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 110-105
Սաքրամենթօ Քինկզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 109-95
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըզ – Տալաս Մեւրիքս 104-100
 
			

