Իտալիոյ ֆութպոլի բաժակի կիսաւարտականի երթի մրցումներուն, Եուվենթուս եւ Ֆիորենթինա իրենց դաշտերուն վրայ կրցան յաղթանակներ արձանագրել` յաջորդաբար Լացիօ Ռոմայի եւ Աթալանթայի դէմ:
Եուվէ, շնորհիւ Ֆետերիքօ Քիեզայի եւ Տուշան Վլահովիչի կոլերուն, կրցաւ 2-0 արդիւնքով յաղթել Լացիօ Ռոմային:
Ֆիորենթինա, շնորհիւ Ռոլանտօ Մանտրակորայի կոլին, կրցաւ 1-0 արդիւնքով յաղթել Աթալանթային:
Դարձի մրցումները տեղի պիտի ունենան 23 ապրիլին, Հռոմի մէջ (Լացիօ-Եուվէ), իսկ 24 ապրիլին, Պերկամոյի մէջ, Աթալանթա պիտի հիւրընկալէ Ֆիորենթինան:
Գերմանիոյ մէջ, Պայեր Լեւերքուզըն 4-0 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք Ֆորթունա Տիւսելտորֆի դէմ, հասաւ բաժակի մրցաշարքի աւարտականին, ուր 25 մայիսին Պերլինի մէջ պիտի մրցի Քայզրսլաութըրնի դէմ:
Ժերեմի Ֆրիմփոնկ (7-րդ վայրկեան), Ամին Ատլի (20-րդ վայրկեան) եւ Ֆլորիան Վիրց (35-րդ եւ 60-րդ վայրկեաններուն) նշանակեցին Լեւերքուզընի 4 անպատասխան կոլերը, եւ Լեւերքուզըն այժմ 40 մրցումներէ ետք կը մնայ անյաղթ:
Նշենք, որ Տիւսելտոլֆ Բ. դասակարգի 3-րդ դիրքը կը գրաւէ եւ անցեալ շաբաթ Բ. դասակարգին գծով կրցած էր 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնել Քայզըրսլաութըրնը, որ 16-րդ դիրքը կը գրաւէ եւ կը պայքարի մնալու Բ. դասակարգին մէջ: