Երէկ «Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան, եւ Աթլանթա Հոքս, որ կը մրցէր Տալաս Մեւրիքսի դաշտին վրայ, ամէն գնով կը փորձէր «զսպել» Լուքա Տոնչիչը, որ վերջին ելոյթին (իրար դէմ) 73 կէտ նշանակած էր Հոքսի կողովին մէջ:
Առաջին մասին Լուքա Տոնչիչ ոչ մէկ կէտ կրցաւ նշանակել, եւ Աթլանթա 31-25 արդիւնքով կը յաղթէր «յոգնած» Տալասին, որ 5 մրցումներ դաշտէն դուրս կատարած էր եւ երկար ճամբորդութենէ վերադարձած:
Տոնչիչ ինքզինք գտաւ նշանակելով 25 կէտ, 12 ռիպաունտ եւ 8 էսիսթ, մինչ Քայրի Ըրվինկ 26 կէտ աւելցուց ի նպաստ Տալասի, որ 12-րդ յաղթանակը արձանագրեց վերջին 14 մրցումներուն ընթացքին` գրաւելով 5-րդ դիրքը (Արեւմտեան շրջան):
Տալաս 1 դիրքով կը գերազանցէ Ֆինիքս Սանզը, որ 6-րդ դիրքին վրայ կը գտնուի` փլէյ-օֆի վերջին «ապահով» դիրքը:
Տոնչիչ 6 վայրկեանի ընթացքին 2 ֆաուլ կատարած էր: Ան տարեշրջանի ամէնէն կարճ մրցումը կատարեց (37 վայրկեան): 2-րդ մասին ան 16 կէտեր նշանակեց` 10-0 արդիւնքով յառաջ անցնելով, եւ մինչեւ կիսախաղ 65-57 արդիւնքով Տալաս յառաջացաւ:
Ըրվինկ 8 կէտ նշանակեց առաջին եւ երկրորդ մասերուն, մինչ Փի. Ճէյ. Ուաշինկթըն իր կարգին 8 կէտ նշանակեց առաջին մասին (19 կէտ ընդամէնը):
«Եթէ Լուքա ֆաուլի հարցի մատնուի, բան մը, որ կրնայ պատահիլ փլէյ-օֆին, միւս տղաքը պէտք է «տեղը գոցեն», յայտնեց Տալասի մարզիչ Ճէյսըն Քիտ:
Ուաշինկթըն 44 տոկոսով կը հարուածէ 3 կէտնոց սահմանէն` վերջին 6 մրցումներուն, մինչ Քայրի Ըրվինկ, որ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան ամէնէն լաւ կարտերէն է, միշտ կայուն ելոյթ կ՛ունենայ եւ պատրաստ է 3 կէտնոց կողովի, կամ ֆաուլ շահելով ճեղքել մտնելու, որ իր կարգին 3 կէտի նման ուժ մըն է:
Շատ հետաքրքրական մրցումի մը ընթացքին, Փոլ Ճորճ եւ Լոս Անճելըս Քլիփըրզ շատ դժուար պայքարէ մը ետք կրցան յաղթել ախոյեան Տենվըր Նակեթցին:
«Հսկաներու պայքար» էր սենթըրներ Նիքոլա Եոքիչի եւ Իվիքա Զուպաքի միջեւ: Եոքիչ թրիփըլ տապըլ իրագործեց` նշանակելով 36 կէտ, 17 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ, սակայն Զուպաք մանաւանդ վերջին մասին կրցաւ կարելի եղածին չափ զսպել «անզսպելի» սերպ Եոքիչը:
Նակեթց մրցումի առաջին մասին 17 կէտի առաւելութիւն մը ձեռք ձգած էր Լոս Անճելըսի մէջ, սակայն Փոլ Ճորճ կրցաւ առանց իր խմբակից Քուսայ Լենըրտի (հիւանդ) 28 կէտ նշանակել, մինչ Ճէյմս Հարտըն 20 կէտ եւ 8 էսիսթ կատարեց ի նպաստ Քլիփըրզի: Զուպաք 14 կէտ եւ 15 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: Ռասըլ Ուեսթպրուք 12 կէտ աւելցուց Քլիփըրզի հաշուոյն:
Հիւսթընի մէջ, Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 133-110 արդիւնքով պարտութեան մատնեց տեղւոյն Ռոքեթցը: Սթեֆըն Քըրրի եւ Քլէյ Թոմփսըն 29-ական կէտ նշանակեցին: Քլէյ Թոմփսըն 7 հատ 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց, մինչ Քըրրի 2 հատով բաւականացաւ: Ճապարի Սմիթ 24 կէտով եղաւ Հիւսթընի լաւագոյն մարզիկը:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Տալաս Մեւրիքս – Աթլանթա Հոքս 109-95
Նիւ Եորք Նիքս – Սաքրամենթօ Քինկզ 120-109
Մայեմի Հիթ – Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 105-109
Հիւսթըն Ռոքեթց – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 110-133
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Տենվըր Նակեթց 102-100


