Շաբաթավերջին տեղի ունեցան ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ-ի 2023-2024 տարեշրջանի մինի ֆութպոլի տղոց եւ աղջկանց կիսաւարտականի մրցումները, ինչպէս նաեւ շարունակուեցան պասքեթպոլի մրցումները:
Մինի ֆութպոլի աղջկանց մրցումներուն, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի աղջկանց խումբը 4-3 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպենկեան քոլեճի խումբէն: Երկրորդ կիսաւարտականին Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան 1-3 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ազգային միացեալ վարժարանէն:
14 տարեկանէն վար տղոց կիսաւարտականի մրցումներուն, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճէն:
Երկրորդ կիսաւարտականին, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի տղոց խումբը 10-4 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի տղոց խումբը:
Մեծ տղոց կիսաւարտականի մրցումներուն, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի խումբը 3-4 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի տղոցմէ:
Երկրորդ կիսաւարտականին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տղոց մեծ խումբը 3-2 արդիւնքով կրցաւ պարտութեան մատնել Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի տղոց խումբը:
Պասքեթպոլի մրցումներուն, փոքր աղջիկներու (14 տարեկան եւ վար) գծով, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանը 60-18 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ազգային միացեալ վարժարանի խումբը:
Մեծ աղջիկներու (15 տարեկան եւ վեր) գծով Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանը 27-34 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանէն:
Փոքր տղոց մրցումներուն, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանը 75-39 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը:
Մեծ տղոց մրցումներուն, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանը 56-24 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը:
Մեծ տղոց Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի խումբը 71-20 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանի խումբը:


