Այս կիրակի, յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին Պհամտունի «Ամին Ապտել Նուր» համալիրի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ պիտի կատարէ Բ. հանգրուանի 9-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումը` Ռապիթաթ Ուարտանիէի դէմ:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղաքը անցեալ շաբաթ անակնկալ պարտութիւն մը կրած էին Հիլալ Նասրի դէմ մրցումին, մրցում մը, որ պզտիկ «ցնցում» մը կատարեց յարմար ժամանակի մը: Ֆութպոլի մէջ օրեր կ՛ըլլան, երբ խումբ մը ինչ որ ալ փորձէ ընել կը ձախողի, եւ այդ օրը այդպիսին էր: Լաւ է թերեւս ժամանակը, որմէ բաներ կրնան սորվիլ մարզիկները կամ նոյնիսկ մարզիչը: Աւելի լաւ է այս ժամանակ այսպիսի «ցնցում» մը, քան վճռական մրցումի մը ատեն:
Այս կիրակի այս բոլորը կը մոռցուին եւ Պուրճ Համուտի մեր տղաքը 3 կէտերը շահելով կը դառնան Լեռնալիբանանի ախոյեան եւ առաջին դիրքի վրայ կը հասնին աւարտական հանգրուան:
Բ. դիրքը գրաւող տապըլ քիք իր կարգին ապահոված է աւարտական հանգրուան հասնելու իր տոմսը, մինչ Գ. դիրքը գրաւելու համար կը մրցին ՀՄԸՄ-ի կիրակի օրուան մրցակից Ռապիթաթ Ուարտանիէ եւ անցեալ շաբթուան մրցակից Հիլալ Նասրը:
Գ. դիրքը գրաւող խումբն ալ կը հասնի աւարտական հանգրուան, մինչ 4-րդ դիրքը գրաւող խումբը փլէյ օֆի մրցում պիտի կատարէ Պէյրութի շրջանի 2-րդ դիրքը գրաւող Արզի դէմ:
Ստորեւ` Լեռնալիբանանի Բ. հանգրուանի վերջին շաբթուան յայտագիրը.
ՇԱԲԱԹ ՕՐ
Հիլալ Նասր – Սաֆա Շոփթ (Ժամը 15:00-ին, Պհամտունի մէջ)
ԿԻՐԱԿԻ ՕՐ
Ուահտէ Շուֆ – Ռաուտա Տըքուանէ (ժամը 10:00-ին, Մապարրայի դաշտ)
Ռիատի Արամուն – Ահլի Սարպա (ժամը 12:00-ին, Մապարրայի դաշտ)
Ռապիթաթ Ուարտանիէ – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ (Ժամը 15:30-ին, Պհամտունի դաշտ)
Տապըլ Քիք – Սեպլին Ռիատի (ժամը 15:30-ին, Անսարի դաշտ)


