Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ֆայնըլ 8-ի մրցումները սկսան երէկ, եւ առաջին ելոյթին ՀՄԸՄ շատ կարեւոր յաղթանակով վերադարձաւ Շանվիլի դաշտէն:
ՀՄԸՄ շատ լաւ ձեւով սկսաւ մրցումը եւ առաջին մասին 21-18 արդիւնքով յառաջացաւ: Ժատ Խալիլ, որ անցեալ շաբաթ փորձ ըրած չէր, լաւ սկսաւ մրցումը` 7 կէտ նշանակելով առաջին մասին եւ 2 արագ ֆաուլեր ալ կատարելով: Զեք Լոֆթըն իր կարգին լաւ ձեւով սկսաւ մրցումը եւ 6 կէտ նշանակեց առաջին մասին: Բ. մասին ՀՄԸՄ սկսաւ աւելի խմբային խաղ կիրարկել, ուր փայլեցան խմբապետ Ժերար Հատիտեան (9 կէտ) եւ Տուէյն Ճեքսըն (8 կէտ): Բ. կիսախաղին 46-38 արդիւնքով յառաջացած ՀՄԸՄ աւելի հեռացած էր Շանվիլէն, որ շատ արագ ինքզինք գտաւ եւ 3-րդ մասը աւարտեց 66-66 արդիւնքով: 4-րդ մասին առաւելութիւնը սկսաւ Շանվիլի կողմը անցնիլ, բայց ՀՄԸՄ-ի տղաքը կը մնային մօտ, դաշտ ներկայացան Ժատ Խալիլ եւ Զեք Լոֆթըն, եւ վերջինիս 3 կէտնոց մէկ կողովէն ետք, խաղի աւարտէն 1,15 վայրկեան առաջ արդիւնքը (88-83) «հեռացուց» Շանվիլէն: Վերջին վայրկեանը եղաւ ֆաուլերով հարուստ. Շանվիլ կը փորձէր ժամացոյցը կեցնել արագ ֆաուլերով, յոյսով, որ կրնայ 3 կէտնոց կողովներով մօտենալ, բայց մեր տղաքը շատ լաւ պայքարեցան եւ 93-85 արդիւնքով պարտութեան մատնեցին Շանվիլը (3 օտարներով), հակառակ իրաւարարի կարգ մը վիճելի սուլիչներուն, որոնց այլեւս վարժուեցանք:
2-րդ մրցումը տեղի կ՛ունենայ Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ, սակայն օրը տակաւին որոշուած չէ:
Մրցումին աստղն էր Զեք Լոֆթըն, որ 32 վայրկեան մասնակցեցաւ, նշանակեց 33 կէտ (2 հատ 3 կէտնոց կողով), 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց եւ կատարեց 6 էսիսթ: Տուէյն Ճեքսըն 22 կէտ նշանակեց (4 հատ 3 կէտնոց կողով), ձեռք ձգեց նաեւ 8 ռիպաունտ եւ կատարեց 3 սթիլ:
Ժատ Խալիլ 15 վայրկեան մասնակցեցաւ, նշանակեց 12 կէտ (2 հատ 3 կէտնոց կողով), մինչ Ժերար Հատիտեան մասնակցեցաւ 38 վայրկեան, նշանակեց 11 կէտ եւ 6 ռիպաունտ: Կապրիել Աճէմեան 7 կէտ նշանակեց եւ 7 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: Ճիմի Սալեմ 5 կէտ աւելցուց, իսկ Ճամալ Ճոնզ, որ 9 վայրկեան մասնակցեցաւ, 3 կէտնոց կողով մը նշանակեց: Իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Կերի Չիւիչեան, որ խմբային մրցումի մասնակցեցաւ երկար բացակայութենէ ետք:
Թանիոս Աքիքին ալ 1 վայրկեան մասնակցեցաւ մրցումին` փակելով (յուսանք` վերջնականապէս) վիրաւորներու ցանկը, որ սկսած էր անցեալ յունուարէն:
Այսօր, Պէյրութ Ֆըրսթ Շիյահի մէջ կը հիւրընկալէ Անթունիէն, իսկ վաղը Սաժես կը հիւրընկալէ Անդրանիկը, Ղազիրի մէջ: Մրցումները տեղի կ՛ունենան երեկոյեան ժամը 21:00-ին:


